
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Իրաքի փոխնախագահ Նուրի Մալիքին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս ահաբեկչութեան մարտահրաւէրները:
Պըրրիի եւ Մալիքիի միջեւ տեսակէտները գրեթէ միօրինակ էին` Իրաքը եւ շրջանը ահաբեկչութենէ պաշտպանելու առումով:
Ապա Մալիքի դարձաւ Պըրրիի ճաշի հիւրը:
Պըրրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըր, որ շեշտեց, թէ Պըրրիի հետ խորհրդակցութիւնները մնայուն կերպով ի զօրու են` նախագահական ընտրութիւն կատարելու եւ Լիբանանի մէջ տիրող քաղաքական լարուածութիւնը մեղմացնելու իմաստով:
Ֆլեչըրի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ ընդգծուեցաւ, որ Բրիտանիա հարիւր առ հարիւր կը զօրակցի Լիբանանի ապահովական կայունութեան, ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարող լիբանանեան բանակին, եւ այդ զօրակցութիւնը գաղտնի չէ:


