«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Սպիտակ տան բանբեր Ճոշ Էռնեսթ յայտնած է. «Մենք բազմիցս ըսած ենք, որ մենք բաց ենք թրքական կողմին հետ այլազան տարբերակներ քննարկելու համար, եւ մենք կը գնահատենք անոր տեսակէտը, սակայն այս հարցին մէջ մենք չենք կարծեր, որ թռիչքներու արգիլեալ գօտիի ստեղծումը կը բխի Սուրիոյ մէջ ստեղծուած վիճակի լուծման շահերէն»:
Ան ընդգծած է, որ Ուաշինկթընի մէջ կը գնահատեն Թուրքիոյ հետ «սերտ աշխատանքային կապերը» եւ բանակցութիւնները կը շարունակուին:
Անգարա շատոնց արդէն կը պնդէ սահմանին մօտ` Սուրիոյ տարածքին մէջ թռիչքներու արգիլեալ գօտի ստեղծելու անհրաժեշտութեան մասին, սակայն Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն դէմ արտայայտուիլ այդ նախաձեռնութեան, ինչ որ պատճառ կը դառնայ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն մէջ որոշակի լարուածութեան:
Ամերիկեան «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը հաղորդած էր, որ Թուրքիոյ հետ Միացեալ Նահանգներու տարակարծութիւնները Թուրքիոյ պահանջներու տարազին հիմամբ լուծման ճամբուն վրայ կը գտնուին: Ըստ այդ տարազին, ամերիկեան ուժերուն եւ անոնց դաշնակիցներուն կ՛արտօնուի Ինճիրլիքի օդուժի զօրակայանը օգտագործել ՏԱՀԵՇ-ի դէմ յարձակումներ գործելու համար եւ ատոր փոխարէն «կը ստեղծուի ապահովական նեղ գօտի մը»:
Օրաթերթը կը նշէ, որ Թուրքիոյ հետ տարակարծութեանց վիհը կամրջելու ամերիկեան ջանքերը քննարկուած են քանի մը օր առաջ, Ազգային ապահովութեան խորհուրդի ժողովին ընթացքին` Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճօ Պայտընի Անգարա այցելութենէն եւ նախագահական յատուկ պատուիրակ Ճոն Ալընի թուրք պաշտօնատարներու հետ հանդիպումներուն արդիւնքներուն ծանօթանալէ ետք:
Օրաթերթը կը հաղորդէ, որ թուրք պաշտօնատարները երկու կողմերուն միջեւ փոխադարձ հասկացողութեան ծիրին մէջ կը սերտեն Սուրիոյ հետ սահմանին մէկ բաժինին վրայ «պաշտպանուած շրջան»-ի ստեղծումը, որովհետեւ Օպամայի վարչակարգը մերժած է Թուրքիոյ առաջարկած իրաքեան սահմանէն մինչեւ Լաթաքիա երկարող թռիչքներու արգիլեալ պաշտօնական գօտիի մը ստեղծումը: Անգարա տեղեակ պահուած է, որ ապահովական գօտիի ստեղծումը յարձակումի եւ սուրիական վարչակարգին դէմ պատերազմի յայտարարութեան համազօր է:
Ըստ բարեփոխուած տարազին, կը նախատեսուի ստեղծել «ապահովական նեղ գօտի մը… որ սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու դէմ օդային յարձակումներու կարիք պիտի չունենայ, եւ անոր նպատակն է սուրիական վարչակարգին տողատակի զգուշացում մը ուղղել, որ հեռանայ գօտիէն, «այլապէս պատժական տնօրինման կ՛ենթարկուի»:
Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներ չեն մտածեր մինչեւ Հալէպ երկարող թռիչքներու արգիլեալ գօտիի ստեղծման մասին` աւելցնելով, որ թռիչքներու սահմանափակ արգիլեալ գօտի մը արդէն իսկ իրողապէս գոյութիւն ունի Արաբ Բունարի մէջ: Ան աւելցուցած է, որ իր երկիրը թռիչքներու սահմանափակ արգիլեալ գօտիի մը ստեղծումին կը զօրակցի` զգուշանալով սուրիական օդուժին հետ բախում ունենալէ:
Միւս կողմէ, ամերիկեան աղբիւրներ երէկ «Հայաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի մէջ լոյս տեսած այն տեղեկութիւնը, թէ ամերիկեան եւ թրքական կողմերը Սուրիա-Թուրքիա սահմանին վրայ ապահովական գօտի մը ստեղծելու շուրջ համաձայնութիւն մը գոյացնելու մօտ են, ճիշդ է` աւելցնելով, որ նշեալ գօտին մինչեւ Հալէպ քաղաքը պիտի չհասնի եւ թռիչքներու արգիլեալ գօտի չի սեպուիր, այլ` սուրիական ընդդիմութեան եւ անոր պատրաստութեան գործողութեան պաշտպանութիւն մը:
Ամերիկեան աղբիւրները նախատեսեցին, որ մօտ օրէն թրքական կողմը արտօնութիւն պիտի տայ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ օդային հարուածներ կատարելու համար Ինճիրլիքի օդակայանի օգտագործման:


