ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ Լիբանանի վերադատ ատեանի ընդհանուր դատախազ Ռահիֆ Ռամատանի հրահանգով Սայտայի «Եա մալ էլ Շամ» ճաշարանը կարմիր մոմով փակուեցաւ:
ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Ալեն Հաքիմ լիբանանեան շուկային մէջ արգիլեց «Լաքլուք», «Քայսար», «Հաուա Տէյրի», «Մասապքի», «Սանթըր Ժտիթա» եւ «Շթուրա» պանիրի եւ մածունի տեսականին:
ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Միշել Ֆարաոն Սէուտական Արաբիոյ անկախութեան տօնին առիթով շեշտեց Լիբանանի ապահովական կայունութեան մէջ սէուտական դերակատարութեան կարեւորութիւնը: Ան կոչ ուղղեց սէուտցիներուն Լիբանան գալու եւ անոր ձմեռնային վայելքներէն անմասն չմնալու:
ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար Ալիս Շապթինի ցաւ յայտնեց, որ նախարարները անտեղեակ են առեւանգուած բանակայիններուն վերաբերող բանակցութիւններուն մանրամասնութիւններէն:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Հըզպալլայի մօտիկ աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ Մուսթաքպալ հոսանքին հետ կատարուելիք երկխօսութենէն Հըզպալլայի ակնկալութիւնը այն է, որ Լիբանանի մէջ տիրող քաղաքական լարուածութիւնը, յատկապէս սիւննի-շիի լարուածութիւնը մեղմանայ:
ՄԱՐՏ 8-ի քաղաքական ուժերը «Տիար» օրաթերթին յայտնեցին, որ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ միջազգային դաշինքը կազմուած է` դէմ դնելու համար ստեղծուած իրողութեան: Նոյն ուժերը ընդգծեցին, որ լիբանանեան մակարդակի վրայ կատարուելիք որեւէ երկխօսութիւն պէտք է քննարկէ հաւատադրժողական ահաբեկչութեան վտանգները:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Սալհապ քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յոյս յայտնեց, որ Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ կատարուելիք երկխօսութիւնը դրական նշոյլներ ստեղծէ:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ շեշտեց, որ Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ երկխօսութիւնը պիտի ընդգրկէ նախագահական ընտրութիւնը:
ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սըժաան Քազզի յայտնեց, որ առեւանգուած բանակայիններուն առումով կատարուած բանակցութիւնները ոչ մէկ ձեւով պիտի նպաստեն անոնց ազատ արձակումին:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Քարամ հաստատեց, որ Հըզպալլա ներքին լիբանանեան առումով համաձայնութիւններ գոյացնելու վիճակին մէջ չէ` աւելցնելով սակայն, որ Հըզպալլա պէտք է համոզուի, որ Լիբանանը չի կրնար առանց հանրապետութեան նախագահի գոյատեւել:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ֆուատ Սաատ յայտնեց, որ 1960-ի ընտրական օրէնքը շատ աւելի լաւ է, քան ներկայիս շրջանառութեան մէջ դրուած խառն ընտրական օրինագիծը, կամ ընդհանրապէս առաջարկուած այլ օրինագիծերը:
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս յայտնեց, որ առեւանգուած բանակայիններուն յատուկ նախարարական յանձնախումբը իր աշխատանքները կատարեալ գաղտնապահութեամբ կը կատարէ` աւելցնելով, որ այս իմաստով կառավարութեան մէջ երկփեղկումներ չկան:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ժամալ Ժարրահ յայտնեց, որ Հըզպալլայի հետ երկխօսութեան իմաստով ցարդ ոչինչ որոշուած է:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, առեւանգուած բանակայիններու թղթածրարի պատասխանատու քաթարցի բանագնացը առեւանգող կողմին դրամ առաջարկած է, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանտերէն ազատ արձակուելիք արգելափակեալներ:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Ժիպէյլի առաջնորդ Միշել Աուն եպիսկոպոսը յայտնեց, որ քրիստոնեայ ընկերութեան իրավիճակի վատթարացման հիմնական դրդապատճառը Աստուածաշունչի ուսուցումներէն հեռանալն է:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի ամէն ջանք ի գործ կը դնէ Հըզպալլայի հետ երկխօսութիւնը իրմով սահմանափակելու եւ հեռու մնալու Մուսթաքպալ պլոքի նախագահ, երեսփոխան Ֆուատ Սինիորայէն:
ՊՔԵՐՔԷԻ յատուկ աղբիւրներ շեշտեցին, որ իրենց նպատակն է ստեղծել մարոնի համայնքի ղեկավարութեան նոր խաւ մը:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր շեշտեց, որ ինք համաձայն է ստեղծելու հաստատութիւն մը, որուն մասնագիտական աշխատանքը ըլլայ սննդեղէնի առողջապահական չափանիշներուն պահպանումը:


