Առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքները երէկ շեշտեցին, որ իրենք կը փափաքին, որ իրենց զաւակները ազատ արձակուին լիբանանեան պետութեան ջանքերով, որովհետեւ իրենք ենթակայ են անոր եւ ան միակ կողմն է, որ կը ներկայացնէ զիրենք եւ կրնայ խօսիլ իրենց անունով:
Առեւանգուած բանակայիններուն հարազատները կոչ ուղղեցին պետութեան եւ իրենց զաւակներուն ազատ արձակումին պատասխանատու նախարարական յանձնախումբին արագ որոշումներ տալու եւ ազատ արձակելու իրենց զաւակները, «այլապէս մենք մագլցողական լուրջ քայլերու պիտի դիմենք եւ պետութիւնը պատասխանատու պիտի ըլլայ մագլցողական այդ որոշումներուն որդեգրումին», ըսին անոնք:
Ընտանիքները քաղաքացիներէն ներում հայցեցին եւ խնդրեցին զօրակցիլ իրենց, որովհետեւ առեւանգուած բանակայինները միայն իրենց զաւակները չեն, այլեւ` լիբանանցի ժողովուրդին զաւակները:
Միւս կողմէ, Ժապհաթ Նուսրա հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ Լիբանանի կառավարութեան 24 ժամուան պայմանաժամ մը տուաւ` սկսելու համար բանակցութիւններուն, այլապէս սպառնալով սկսիլ բանակայիններուն գլխատումին:
Ժապհաթ Նուսրա հաստատեց, որ Հըզպալլա միակ կողմն է, որ կ՛արգելակէ բանակցութիւնները:
Ժապհաթ Նուսրա կառավարութենէն պահանջեց նաեւ իբրեւ բարի կամեցողութիւն ազատ արձակել Ժումանա Հմայտը:
Երեկոյեան առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքները հաստատեցին, որ այսօր առաւօտեան ժամը 8:00-էն սկսեալ պիտի փակեն մայրաքաղաք Պէյրութի բոլոր մուտքերը եւ կառավարութենէն պահանջեցին պատասխանատուութեամբ վարուիլ Ժապհաթ Նուսրայի սպառնալիքներուն հետ:
Այս շրջագիծին մէջ, անհրաժեշտ է նշել, որ «Մուսթաքպալ» օրաթերթին համաձայն, քաթարցի պատուիրակ Ահմետ Խաթիպ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը տեղեակ պահած է մօտիկ ապագային Լիբանան վերադառնալու մասին:


