Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութեան Նիստ. «Կարելի Չէ Հըզպալլայի Գերեվարուած Մարտիկին Փոխանակումը Համեմատել Առեւանգուած Բանակայիններուն»

November 28, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

1127_NisdԿառավարութիւնը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, վարչապետարանին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի:

Ճամբորդութեան պատճառով նիստէն բացակայեցան նախարարներ Միշել Ֆարաոն, Հիւսէյն Հաժ Հասան եւ Ռեմոն Արայժի:

Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ յայտնեց, որ վարչապետ Սալամ շեշտած է, որ կարելի չէ Հըզպալլայի գերեվարուած մարտիկին փոխանակումը համեմատել առեւանգուած բանակայիններուն:

Ան նշեց, որ վարչապետ Սալամ նիստին ընթացքին անդրադարձած է սննդեղէնի ապահովութեան հարցին, ինչպէս նաեւ այդ իմաստով նախարարութիւններուն մղած արշաւին:

Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Ժրէյժ յայտնեց, որ կառավարութեան նիստին ընթացքին կազմուած է յանձնախումբ մը, որուն աշխատանքն է հսկել ուտեստեղէնի առողջապահական չափանիշներուն եւ այդ իմաստով վարչապետին տեղեկագիրներ ներկայացնել, որպէսզի ան իր կարգին այդ տեղեկագիրները ներկայացնէ կառավարութեան:

Նշենք, որ այդ յանձնախումբին մաս կը կազմեն առողջապահութեան, տնտեսութեան եւ առեւտուրի, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու, կենսոլորտի, երկրագործութեան, արդարութեան, ելեւմուտքի, ներքին գործոց, ճարտարարուեստի եւ զբօսաշրջութեան նախարարները:

Ժրէյժ յայտնեց, որ կառավարութիւնը տուած է շարք մը որոշումներ, որոնց շրջագիծին մէջ են նաեւ Լիբանանի անկախութիւնը կերտած լիբանանցի ղեկավարներ Պշարա Խուրիի եւ Ռիատ Սոլհի յատուկ դրոշմաթուղթերու հրապարակման որոշումը:

 

 

Նախորդը

Ղանեմ. «Ընտրական Օրէնքի Խորհրդարանական Ենթայանձնախումբը Շարունակեց Քննարկել Օրինագիծերը»

Յաջորդը

Առեւանգուած Բանակայիններուն Ընտանիքները Կը Փափաքին, Որ Լիբանանեան Պետութիւնը Ազատ Արձակէ Իրենց Զաւակները

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.