Լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան հարաւային Լիբանանի տնօրէն Ալի Շահրուր հաստատեց, որ բանակը շօշափելի տեղեկութիւններ ունի, թէ իր կողմէ պահանջուած ահաբեկիչ Շատի Մաուլաուի կը գտնուի պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ:
Շահրուր յայտնեց, որ այս մասին պաղեստինեան զինեալ ուժերուն պատասխանատուները, ինչպէս նաեւ գաղթակայանին ապահովութեան հսկող պատասխանատուները տեղեակ պահուած են:
Բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը ընդգծեց նաեւ շէյխ Ահմետ Ասիրի եւ Ֆատլ Շաքերի գոյութիւնը` Այն Հելուէի մէջ, աւելցնելով նաեւ այն հաւանականութիւնը, թէ շէյխ Խալետ Հապլաս իր կարգին հասած է նոյն գաղթակայանը:
Միւս կողմէ, բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ Արսալի ճակատամարտին յաջորդած հանգրուանը նոյնը չէ, ինչ որ էր ճակատամարտէն առաջ տիրող հանգրուանին:
Զօր. Քահուաժի շեշտեց, որ Թրիփոլիի ճակատամարտը քանդեց ահաբեկչական բջիջները եւ փոփոխութեան ենթարկեց բոլոր չափանիշները:
Իր կարգին, ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը յայտնեց, որ Պէյրութի մէջ 23 նոյեմբեր 2014-ին ձերբակալած է աշխարհին մէջ քիմիական նիւթերու ամէնէն վտանգաւոր մասնագէտը` պուլկարացի Պ. Քարպոզով (Ծնեալ` 1967-ին), որ «Քեփթակոն» դեղահատերու արտադրութեան պատասխանատուն է:


