Առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր երէկ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին յայտարարեց առողջապահական չափանիշները չամբողջացնող ուտեստեղէն վաճառող հաստատութիւններու այլ անուանացանկ մը, ինչպէս նաեւ իրենց թերութիւնները սրբագրած եւ իրենց վաճառած ուտեստեղէնին առողջապահական չափանիշները վերահաստատած հաստատութիւններուն անուանացանկը:
Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ ուտեստեղէնի այս արշաւը պիտի շարունակուի եւ ոչ թէ ժամանակաւոր պիտի ըլլայ, ինչ ալ ըլլան պայմանները:
Անդրադառնալով Պէյրութի սպանդանոցին` Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ այդ սպանդանոցը անասուններու սպանդանոց ըլլալէ առաջ մարդ արարածներու սպանդանոց է, որովհետեւ ան առողջապահական ոչ մէկ չափանիշ կը յարգէ` հիմնական նպատակ ունենալով անասուններուն արիւնը միսին մէջ պահելը, որպէսզի վաճառուած միսը յաւելեալ կշիռք ունենայ:
Ըստ նախարարին, առողջապահական չափանիշները չամբողջացնող ուտեստեղէն վաճառող հաստատութիւններն են` Պաապտայի «Հարքուս չիքըն կրուփ»-ը, Շիյահի «Զաղլուլ» եւ «Մհաթթա» ճաշարանները, Զուք Մուսպեհի «Մորինա» վաճառատունը, Սահել Ալմայի «Ռիմ» վաճառատունը, Սարպայի «Զաքքա» վաճառատունը, Համրայի «Քապապժի» ճաշարանը:
Մինչեւ իրենց վաճառած ուտեստեղէնին քննուիլն ու արդիւնքներուն յայտարարուիլը իրենց հաստատութիւնները փակ պիտի պահեն հետեւեալ մսագործները.
Ղազի Հիւսէյն Հաժժար, Ապտել Քերիմ Ապտել Հասիպ Հաժժար, Ապտել Ֆանահ Ատնան Հայեք, Անուար Հասան Մուաֆֆաք, Շատի Աուատ Հասան, Խալիլ Շաֆիք Ժամքարա, Ռաժա Ասաատ Աշրամ եւ Մոհամետ Զաքայա Ղանում:
Այն հաստատութիւնները, որոնք պիտի փակուին ու կարմիր մոմով կնքուին, հետեւեալներն են.
«Ֆարուժ Ապու Հմայտ», «Սլէյման Նաթուր» հաստատութիւն, «Միսաք» առեւտրական հաստատութիւն, «Ժիհատ Սամիհ Նաթուր» մսագործ եւ մթերանոց, «Աուատ Մոհամետ Մեսուտ Տահուր» մթերանոց, «Ռաժապ Ասաատ Աշրաֆ» մթերանոց, Զահլէի Ժան Սաապի սպանդանոց, Ալէյի «Թուիթ» ագարակ, Նապաթիէի «Շաայպ» սպանդանոցը, Թուլի հաւ մորթելու կեդրոնը, Տումայի սպանդանոցը եւ Պաթրունի Սապա սպանդանոցը:
Սպանդանոցները, որոնք ժամանակաւոր կերպով պիտի փակուին, հետեւեալներն են.
Զահլէի «Ֆայետ» հաւնոցը, Ալէյի «Սալամ Շպիր» եւ «Մոհամետ Քըրտի» ագարակները, Շուէյֆաթի «Մոհամետ Խալիֆէ» եւ «Մաժետ Ուեհպէ» ագարակներն ու «Քինկ աֆ չիքըն»-ը, ինչպէս նաեւ Ալէյի «Մոհամետ Սաֆրանի» եւ «Խալես Տողան» ագարակները:
Միւս կողմէ, իրենց վաճառած ուտեստեղէնին առողջապահական չափանիշները վերահաստատած հաստատութիւններն են. Ալէյի եւ Ժիպէյլի «Հաուա Չիքըն»-ը, Քուրայի եւ Հատասի «Ապու Լէյլա» ճաշարանները, Ժալ Էլ Տիպի «Ռոտսթըր» ճաշարանը, Ժիպէյլի «Սփինիզ» վաճառատունը, Ժալ Էլ Տիպի «Քապապժի» ճաշարանը, «Մալեք Էլ Պաթաթա» ճաշարանը, Մընիէի «Քասր» փուռը, Թրիփոլիի «Մաքքիէ» անուշավաճառը, Սայտայի «Փիցցա Հաթ» ճաշարանը, Սուրի «Ռամմալ» վաճառատունը, Հատասի «Ռամմալ» ճաշարանը, «Հալապի» ճաշարանը, «Ֆահըտ» վաճառատունը եւ Սուլթան կեդրոնի «Թի. Էս. Սի.» վաճառատունը:


