
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս բացայայտեց, որ Փարիզ Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրայի հետ կ՛աշխատի Հալէպը փրկելու եւ ապահովական գօտի ստեղծելու, որպէսզի սուրիական բանակի օդուժին ու ՏԱՀԵՇ-ին չարտօնուի Հալէպի մէջ սուրիացի քաղաքացիները թիրախ դարձնել:
Ֆապիւս աւելցուց, որ անհրաժեշտ է «թեքնիք» հարուածներ հասցնել սուրիական բանակին` ստիպելու համար, որ անիկա նահանջէ եւ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ ստեղծելու համար ապահով շրջաններ, ուր քաղաքայինները կարենան խաղաղութեամբ ապրիլ:
Թրքական կողմը եւս նոյնպիսի յայտարարութիւններ կատարած էր:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան դատապարտեց սուրիական ճգնաժամին մէջ Միացեալ Նահանգներու «անամօթութիւնը»:
Մինչ այդ, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ երէկ այցելեց Սոչի` Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ քննարկելու համար ռուսական նախաձեռնութիւնը:


