ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Կը թուի, թէ 2015-ը արդէն իսկ սկսած է գործել իր ազդեցութիւնը: Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նախապատրաստուելու ծիրին մէջ` թրքական կողմը կը փորձէ հանդուրժողականի փետուրներ հագուելով պաշտպանուիլ եւ իր այդ ջանքին մէջ կատարած է ետդարձ մը:
Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Էօմեր Չելիք Պրիւքսէլի մէջ լրագրողներուն յայտնած է, որ 2015-ի ամրան տեղի ունենալիք «Եուրոփալիա» փառատօնին հիւրի կարգավիճակով մասնակցող իր երկիրը հանրութեան պիտի ներկայացնէ Թուրքիոյ մշակութային ժառանգութիւնը` թէ՛ թուրքերու, թէ՛ հայերու, քիւրտերու, հրեաներու եւ այլ ազգային փոքրամասնութեանց կերտած մշակոյթը: Ըստ նախարարին, անոնք «բոլորը միասին կերտած են Անատոլուի մշակոյթը: Զանոնք բոլորը պիտի ներկայացնենք իբրեւ մէկ օրկանական ամբողջութիւն»: Փառատօնին պիտի մասնակցին թրքահայ արուեստագէտներ, գրականագէտներ, գրողներ, շարժանկարի մասնագէտներ եւ ճարտարապետներ, որոնք հանրութեան պիտի ներկայացնեն հայկական մշակութային արուեստը, պիտի ցուցադրուին վերականգնուած եկեղեցիներու լուսանկարները: Վերջիններուս թիւը մեծ չէ, ինչ որ մտածել կու տայ, որ թրքական իշխանութիւնները պիտի ջանան մինչ այդ անոնց թիւը բարձրացնել:
Մինչեւ հիմա ամէն ինչ իբրեւ թրքական կը ներկայացուէր. Անին թուրքերուն կառուցած քաղաքն էր, անոր եկեղեցիները` քրիստոնեայ թուրքերունը, իսկ այժմ Թուրքիոյ մշակոյթի նախարարը անուղղակի կերպով կը խոստովանի, որ տասնամեակներով շարունակ յառաջ քշուած այդ թեզը սուտ էր, եւ Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը 2015-ի ամրան նախատեսուած Եւրոպայի ամէնէն յայտնի մշակութային ու արուեստի միջազգային փառատօներէն մէկուն ընթացքին մտադիր է սրբագրել այդ մէկը:
2015-ի ազդեցութեան չքացումէն ետք ճշմարտութեան «պետական տարբերակ»-ի վերականգնումը թէեւ դժուար պիտի ըլլայ, սակայն կարելի չէ բացառել` նկատի ունենալով թրքական իշխանութեանց անամօթութիւնը: Վերոնշեալ փառատօնէն ետք Թուրքիոյ մշակոյթի նախարարին հնչեցուցած կեցուածքէն որեւէ ետդարձ խիստ վարկաբեկիչ պիտի ըլլայ եւ մեծ վնաս պիտի պատճառէ Թուրքիոյ վարկին: Բացառուած չէ, որ Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը այդ մէկը կատարէ նախքան փառատօնի ժամկէտը` թուրք նախարարին յայտարարութիւնը ներկայացնելով իբրեւ անոր անձնական կարծիքը: Յամենայն դէպս, Չելիքի յայտարարութիւնը, եթէ նոյնիսկ ետդարձ մը չէ, պիտի շարունակէ մնալ հայերուն համար քարոզչական գետնի վրայ շահաւէտ կեցուածք մը:


