Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. ԷՋՄԻԱԾԻՆ Կ՛ՈՂՋՈՒՆԷ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՔՈՆԿՐԵՍԻՆ ՄԷՋ ԸՆԴՈՒՆՈՒԱԾ ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹԸ

July 25, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. Էջմիածին ողջունած է Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի մէկ յանձնախումբին 21 յուլիսին ընդունած փաստաթուղթը, ըստ որուն` Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղուի` հայերէն, յոյներէն եւ ասորիներէն բռնագրաւուած եկեղեցիներն ու վանքերը վերադարձնելու իրենց տէրերուն:

«Մայր աթոռը ողջունում է, որովհետեւ վաղուց ի վեր հասունացել է այդ խնդիրը, որ կրօնական փոքրամասնութիւնները եւ մասնաւորաբար քրիստոնէական եկեղեցիները Թուրքիայում կարողանան օգտուել այն ժառանգութիւնից, որը դարեր շարունակ պատկանել է իրենց, եւ իրենք փայփայել եւ խնամել են, եւ այսօր շատ յաճախ անուշադրութեան է մատնուած», 22 յուլիսին կայացած մամլոյ ասուլիսին յայտնեց Ս. Էջմիածինի տեղեկատուական համակարգի տնօրէն Վահրամ քհնյ. Մելիքեան:

Անդրադառնալով Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի յայտարարութեան, թէ` պատրիարքարանը չ՛ուզեր քննարկել այդ հարցը եւ մեկնաբանութիւն չունի անոր` Վահրամ քահանայ նշեց, որ որեւէ մեկնաբանութիւն չընելը չի նշանակեր, թէ իրենք չեն ուզեր ետ ստանալ այդ եկեղեցիները: Ըստ տէր հօր, պէտք է նկատի ունենալ, թէ ինչպիսի՛ պայմաններու մէջ կը գործէ Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանը, ինչպիսի՛ կրօնական ու ազգային տրամադրութիւններ կան Թուրքիոյ մէջ:

«Հետեւաբար, մենք մեր կարգին եւս, իրենց պէտք է որոշակիօրէն ապահովութեան մէջ դնենք, որպէսզի իրենք այդ խնդիրներուն մէջ չներքաշուին», ըսաւ քահանան:

Մամլոյ ասուլիսի միւս մասնակիցը` Հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող հիմնադրամի նախագահ Սամուէլ Կարապետեան, իր կարգին նշեց, որ ըստ 1911-1912-ի Պոլսոյ պատրիարքարանի կազմած միայն գործող եկեղեցիներու ցանկին, Արեւմտեան Հայաստանի տարածքին կայ 2400 եկեղեցի: Այդ եկեղեցիներէն այժմ կը գործէ միայն 40-ը: Սակայն ցանկին մէջ տեղ չգտած, չգործող եկեղեցիներուն, վանքերուն ու մատուռներուն թիւը Արեւմտեան Հայաստանի մէջ քանի մը անգամով աւելի շատ էին:

 

Նախորդը

ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԳԷՏԸ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵՆԷՆ ԲԱՐՁՐ ԴԱՍԵԼՈՒ ՀԱՅԵՐՈՒՆ ՏԱՌԱՊԱՆՔՆԵՐԸ

Յաջորդը

ԸՍՏ ՎԱՖԱ ԿԻՒԼԻԶԱՏԷԻ ՕԹԱՆ ՊԷՏՔ Է ՄԻՋԱՄՏԷ ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ՏԱԳՆԱՊԻՆ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.