
22 յուլիսին իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթին մէջ լոյս տեսաւ Ռաֆայէլ Ատենի ստորագրութեամբ յօդուած մը, ուր յօդուածագիրը կ՛անդրադառնայ հրեայ պատմաբան, ցեղասպանութիւններու աշխարհահռչակ մասնագէտ Իսրայէլ Չառնիի անցեալ շաբաթ Հայոց ցեղասպանութեան մասին կատարած յայտարարութիւններուն:
«Եթէ ապագային Իսրայէլ ճանչնայ Թուրքիոյ կողմէ կատարուած մէկուկէս միլիոն հայերու ցեղասպանութիւնը, ապա այդ ճանաչումը իրագործուած պիտի ըլլայ իսրայէլացի պատմաբան Իսրայէլ Չառնիի` տասնամեակներու ընթացքին տարած ջանքերուն շնորհիւ: Սակայն Չառնին, որ այսօր կ՛ապրի Երուսաղէմի մէջ, զգուշութեամբ կը մօտենայ Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ լարուածութեան թուլացումին: Բան մը, որ կրնայ խափանել ճանաչման ուղղութեամբ կատարուող աշխատանքները», կը գրէ յօդուածագիրը:
Ատեն կը մէջբերէ Չառնիին անցեալ շաբաթ կատարած մէկ յայտարարութիւնը. «Թուրքիոյ հետ մերձեցումը խաղ մըն է, զոր քաղաքագէտները պէտք է խաղան, որովհետեւ մենք կ՛ուզենք արձանագրել առաւելագոյն շահերը: Սակայն պէտք չէ կարծենք, որ մենք գործ ունինք ոչ ամբողջատիրական եւ անվնաս կառավարութեան մը հետ: Չեմ կարծեր, որ մենք պէտք է դարձեալ փոխզիջման երթանք Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու-չճանչնալու հարցին շուրջ: Այդ մէկը պէտք չէ ամուսնալուծումէն ետք վերամիաւորուելու հիմքը ըլլայ»:
Յօդուածագիրը դիտել կու տայ, որ Թուրքիա տակաւին կը մերժէ 1915-էն 1923-ի միջեւ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ մէկուկէս միլիոն հայերու սպանութիւնը ճանչնալ իբրեւ ցեղասպանութիւն: «Իսրայէլ, որ մինչեւ վերջերս Թուրքիան կը նկատէ կարեւոր դաշնակից մը շրջանին մէջ, տակաւին պաշտօնապէս չէ ճանչցած Հայոց ցեղասպանութիւնը: Բայց «Ազատութեան» նաւատորմիղի միջադէպին պատճառով երկկողմ յարաբերութիւններու սառեցումէն ետք Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը նոր թափ ստացած էր», կ՛ըսէ Ատեն:
Յօդուածագիրը դարձեալ կը մէջբերէ Չառնիին խօսքերը. «Ես կը հաւատամ, որ մեր ղեկավարները պէտք չէ տան այնպիսի որոշումներ, որոնք կրնան վնասել մեր երկրին: [®] Իսրայէլի ապահովութիւնը բացարձակ առաջնահերթութիւն է: Սակայն քաղաքական, տնտեսական եւ զինուորական արդարացի մտահոգութիւններով հանդերձ, Իսրայէլ միայն իր սեփական տառապանքներուն համար պէտք չէ շարունակէ ուրանալ ուրիշ ժողովուրդի մը տառապանքները: Երբ հարցը գայ Իսրայէլի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ուրացման, ես հարց կու տամ. ի՞նչ պիտի ըլլար մեր կառավարութեան եւ մեր ժողովուրդին հակազդեցութիւնը, եթէ որեւէ երկիր ուրանար Ողջակիզումը»:
Յօդուածը նաեւ կը նշէ, որ Չառնին մասնագիտութեամբ հոգեբան եղած է, սակայն ցեղասպանութիւններու նկատմամբ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է 1960-ականներուն, երբ Ողջակիզումին վերաբերող ահաւոր երազէ մը արթննալով անդրադարձած է, որ հոգեբան ըլլալով հանդերձ երբեք չէ ուսումնասիրած մարդկային դաժանութիւնը:


