
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շաբաթավերջին ունեցած իր հարցազրոյցներուն ընդմէջէն հաստատեց, որ Լիբանան տակաւին կը պահպանէ իր աշխուժութիւնը` շնորհիւ իր բազմազանութեան եւ ժողովրդավարութեան: Ան հաստատեց, որ Աստուած լիբանանցիներուն այս բարիքները շնորհած է` աւելցնելով, որ իրենք պէտք եղածին պէս չեն օգտուիր այդ բարիքներէն, իսկ ոմանք կը փորձեն խանգարել լիբանանեան միասնականութեան ջանքերը:
Խորհրդարանի նախագահը ընդգծեց, որ Լիբանան հիմնական երկու վտանգներ կը դիմագրաւէ, անոնք են` լիբանանեան ընկերութեան եւ սահմանային վտանգները: Ան նշեց, որ լիբանանեան խորհրդարանը ցարդ չէ կրցած հանրապետութեան նախագահ մը ընտրել` աւելցնելով, որ կառավարութեան մէջ կան 24 նախարարներ, 24 վարչապետներ եւ 24 նախագահներ: «Հետեւաբար, ներքին լիբանանեան այս տագնապները կարելի է լուծել ազգային միասնականութեամբ, որ Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն համար կը ստեղծէ այս հրաբխային ժամանակաշրջանին մէջ խաղաղութեամբ ապրելու կարելիութիւնը», ընդգծեց Պըրրի:
Անդրադառնալով Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի աշխատանքին` Պըրրի յայտնեց, որ ան կարեւոր դերակատարութիւն կ՛ունենայ Արքուպի, Հասպայայի եւ Սուրիոյ սահմանամերձ լիբանանեան գիւղաքաղաքներուն մէջ սիւննի-տիւրզի սադրանքները կանխարգիլելու իմաստով:
Խորհրդարանի նախագահը հաստատեց, որ ներքին լիբանանեան առումով բազմաթիւ լուրջ խնդիրներ կարելի պիտի ըլլայ լուծել Մուսթաքպալ հոսանքին եւ Հըզպալլայի միջեւ երկխօսութեան սկիզբ առնելով:
Այս շրջագիծին մէջ ան շեշտեց, որ Հարիրիի եւ Նասրալլայի միջեւ երկխօսութիւնը հունի մէջ մտած է:
Խորհրդարանի նախագահը հաստատեց, որ ինք ամէն ջանք ի գործ կը դնէ նախագահական ընտրութիւն կատարելու, սակայն մարոնի ղեկավարներուն տարակարծութիւններուն պատճառով այդ ընտրութիւնը խոչընդոտներու կը հանդիպի: «Եթէ այդ մէկը պատահի, ապա խորհրդարանին մէջ պիտի մնամ եւ անունս Նեպիհ Պըրրի պիտի չըլլայ, եթէ չյաջողի 36 ժամուան ընթացքին նախագահական ընտրութիւն կատարել», ընդգծեց ան:


