Առողջապահութեան նախարարութեան քննիչները երէկ Սապրայի մէջ յարձակումի ենթարկուեցան, երբ անոնք միսերը ստուգելու արշաւ մը կը կատարէին տուեալ շրջանին մէջ:
Այս առումով առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր երէկ ապահովութեան ուժերէն պահանջեց ուղղուիլ Սապրայի միսի շուկայ եւ պաշտպանել միսերու առողջապահական չափանիշները ստուգող քննիչներու խմբակն ու անոր տարած աշխատանքը:
Ապու Ֆաուր հաստատեց, որ նախարարութիւնը առողջապահական սննդեղէնի այս արշաւը պիտի շարունակէ, ինչ ալ ըլլան դժուարութիւնները` աւելցնելով, որ այդ արշաւը պիտի գործադրուի անխտիր ամբողջ Լիբանանի տարածքին, մինչեւ որ ճշդուած նպատակները իրականանան եւ լիբանանցիներուն առողջապահութիւնը երաշխաւորուի:
Ապու Ֆաուր դատապարտեց քննիչներուն դէմ յարձակումը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իպրահիմ Պասպուսին, որ անմիջապէս հասաւ քննիչներուն օժանդակութեան:
«Առողջապահութեան նախարարութիւնը իր նախաձեռնած այս արշաւը կատարեալ բծախնդրութեամբ պիտի կատարէ եւ բոլոր քայլերը պիտի որդեգրէ` շարունակելու համար իր ստուգումները եւ օրինական պատժամիջոցները տնօրինելու` օրինազանց եւ առողջապահական չափանիշները չամբողջացնող ուտեստեղէն վաճառող բոլոր հաստատութիւններուն դէմ», ըսաւ ան:
Ապու Ֆաուր հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ նաեւ ընդհանուր դատախազ Սամիր Համմուտի հետ` պահանջելով քննիչները խոշտանգող յանցագործները համապատասխան պատիժներուն ենթարկել:


