
Ըստ համացանցին վրայ զետեղուած տեսերիզի մը, ՏԱՀԵՇ մահապատիժի ենթարկած է ամերիկացի փրկարար աշխատող Ապտել Ռահման Քասիկը: Տեսերիզին մէջ դիմակաւոր զինեալ մը կանգնած է գլխատուած դիակի մը մօտ եւ կը յայտնէ, որ այդ դիակը Քասիկինն է:
Միացեալ Նահանգներ յայտնեցին, որ աշխատանք կը տանինք տեսերիզին իրական ըլլալը ճշդելու: Տեսերիզը նաեւ սուրիացի զինուորներու գլխատումը ցոյց կու տայ:
Քասիկ անցեալ տարի ձերբակալուած էր: Ան ամերիկացի զինուոր Փիթըր Քասիկն է, որ իսլամութիւնը ընդունելով անունը փոխած է Ապտել Ռահմանի: Սակայն ո՛չ այդ իրողութիւնը, ո՛չ ալ տեղահանուածներուն մօտ անոր կատարած փրկարար աշխատանքը անոր կեանքը փրկած են:
Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն յայտնեց, որ ինք այս «սառնասիրտ ոճիրէն» ցնցուած է, իսկ ՏԱՀԵՇ «անգամ մը եւս իր ապականութիւնը ցոյց տուաւ»:


