
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Քսաններու խմբակի վեհաժողովի աւարտին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ իր օրինականութիւնը կորսնցուց, իսկ մենք ՏԱՀԵՇ խմբաւորման հարցով անոր հետ համակարգում պիտի չկատարենք, ինչպէս նաեւ ներկայիս Ասատի տապալումը չքննարկեցինք»:
Ան ըսաւ, որ իրենք կը ձգտին Սուրիոյ մէջ քաղաքական համապարփակ լուծումի մը, որ վերջ կու տայ ճգնաժամին:
«Ասատի հետ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ համակարգումը պիտի տկարացնէր միջազգային դաշինքը», ըսաւ Օպամա` աւելցնելով, որ իրենք Ասատը զգուշացուցած են Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ յարձակումներ կատարող իրենց օդանաւերը չվտանգելու:
Օպամա. «Փութին Կը Խախտէ
Միջազգային Օրէնքը»
Միացեալ Նահանգներու նախագահը յայտարարեց. «Ռուսիոյ տնտեսական մեկուսացման ենթարկումը պիտի շարունակենք»` աւելցնելով, որ Ռուսիա իր առջեւ Ուքրանիոյ հարցով տարբեր ընտրանք մը որդեգրելու առիթը ունի:
Օպամա նաեւ յայտարարեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին «Ուքրանիոյ մէջ անջատողականներուն ծանր զէնքեր տրամադրելով միջազգային օրէնքը կը խախտէ»:
Փութին շաբաթ օր պատկերասփռուած ճառի մը ընթացքին կոչ ուղղած էր Ռուսիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցները վերցնելու` նշելով, որ անոնք Ռուսիոյ տնտեսութեան կողքին նաեւ կը վնասեն համաշխարհային տնտեսութեան:
Նշենք, որ վեհաժողովի ընթացքին Քանատայի վարչապետ Սթեֆըն Հարփըր եւ Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն եւս սուր կերպով քննադատեցին Փութինը:


