
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի մամլոյ բանբեր Սենոր Հասրաթեան տեղեկացուցած է, որ հակառակորդին կողմէ կրակոցները բազմապատկուած են յատկապէս երկու օր առաջ տեղի ունեցած ողբերգութեան վայրին մէջ:
Հասրաթեան նաեւ տեղեկացուցած է, որ հայկական կողմը տակաւին չի կրնար մօտենալ ուղղաթիռի կործանման վայրին:
Ազրպէյճանցիներուն կողմէ վար առնուած ուղղաթիռի խորտակման վայրը կը շարունակէ հայկական կողմին համար անհասանելի մնալ կրակոցներու պատճառով: Պաշտպանութեան բանակը չի կրնար մուտք գործել սահմանագիծի չէզոք հատուած` ճշդելու կատարուածին մանրամասնութիւնները, այդ տարածքէն դուրս բերելու ուղղաթիռի անձնակազմը: Հասրաթեան շեշտեց, թէ քանի տակաւին հայկական կողմը չէ մօտեցած կործանուած ուղղաթիռին, չի կրնար հաստատել, որ անձնակազմի անդամները զոհուած են: Նշենք, որ նախապէս յայտարարուած էր, որ անոնք զոհուած են:
«Եթէ ես այնտեղ չեմ եղած, յստակ փաստեր չունիմ, չեմ կրնար ըսել, թէ ողջ մարդիկ այնտե՞ղ են, թէ՞ այնտեղ չեն», յայտնեց Հասրաթեան:
Հայկական կողմը դիմած է Կարմիր խաչի միջազգային խորհուրդին` ազրպէյճանական կողմին հետ պայմանաւորուելու եւ չէզոք գօտի մուտք գործելու համար, որպէսզի կարենան այնտեղէն դուրս բերել օդաչուները:
Միջազգային այս կազմակերպութեան հայաստանեան գրասենեակի մամլոյ պատասխանատու Զառա Ամատունին նշած է, որ ազրպէյճանական կողմին հետ երկխօսութիւնը հաստատուած է, բայց տակաւին արդիւնք չկայ:
«Երկխօսութեան նպատակն է, որ կողմերը մեր միջնորդութեամբ փնտռտուքի աշխատանքներ իրականացնեն եւ կարենան գտնել, եւ պատասխաններ տալ, թէ ինչպիսի՛ ճակատագիրի արժանացած են օդաչուները եւ ուղղաթիռը», ըսած է Ամատունի:


