Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յայտարարութիւն. Հայ Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Ժողովի

November 14, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

1113-63Գոհութիւն կը յայտնենք Սուրբ Երրորդութեան` Հօրը, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին, որ վերստին շնորհը պարգեւեց` 11-13 նոյեմբեր 2014-ին, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցի սեմին, Եպիսկոպոսաց ժողով գումարելու Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, նախագահութեամբ ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ. ծայրագոյն պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի եւ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսի եւ քննարկելու մեր եկեղեցին ու ժողովուրդը յուզող հարցերը:

Աղօթքով կը յիշենք Հայոց ցեղասպանութեան բիւրաւոր զոհերը, որոնք նահատակուեցան վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց: Կը հաւատանք, որ Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու սրբադասումը հոգեւոր նորոգութիւն եւ մխիթարութիւն կը բերէ մեր ժողովուրդի զաւակներուն: Կը յորդորենք մեր աշխարհասփիւռ ժողովուրդի զաւակներուն գործօն մասնակցութիւն բերել 100-ամեայ տարելիցի ոգեկոչման միջոցառումներուն եւ անմեղ զոհերու սրբադասման` յիշատակի նուիրական արարողութիւնները դարձնելով հաւատքի ամրութեան քաջալերանք եւ հոգեւոր կեանքի նորոգութեան աղբիւր:

Եպիսկոպոսաց ժողովը կը հրաւիրէ ամբողջ քրիստոնեայ աշխարհը աղօթքով միանալու 2015 թուականին Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցին նուիրուած յիշատակի արարողութիւններուն` հայցելով նաեւ Տիրոջ օրհնութիւնը աշխարհի արդարութեան, խաղաղութեան, համերաշխութեան հաստատման եւ մարդկային կեանքը փոթորկող բազմաթիւ տագնապներու եւ մարտահրաւէրներու յաղթահարման համար:

Կոչ կ’ուղղենք միջազգային համայնքին` վճռականօրէն շարունակելու Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած` 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը ճանչնալու եւ դատապարտելու գործընթացը: Կոչ կ’ուղղենք նաեւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան` ճանչնալու հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած Ցեղասպանութիւնը եւ վերականգնելու մեր ժողովուրդին արդար իրաւունքները:

Կ’աղօթենք Աստուծոյ մեր նորօրեայ նահատակներուն` Հայաստանի եւ Արցախի սահմաններու պաշտպանութեան համար զոհուած հայորդիներու հոգիներուն հանգստութեան համար: Կը դատապարտենք Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւններու սահմաններուն վրայ կատարուող ազրպէյճանական կողմի սանձարձակ ռազմական գործողութիւնները, որոնց ցաւալի վերջին դրսեւորումն է Եպիսկոպոսաց ժողովի գումարման օրերուն հայկական ուղղաթիռի ռմբահարումը եւ երեք հայորդիներու ողբերգական կորուստը: Աղօթք կը բարձրացնենք զոհուած հայորդիներու հոգիներուն հանգստութեան համար` մեր ցաւակցութիւնը յայտնելով եւ զօրակցելով հայրենիքի համար զոհուած քաջարի մեր մարտիկներու ընտանիքներուն: Մեր ժողովուրդին արդար իրաւունքներուն եւ պահանջատիրութեան իրականացման ճանապարհին կարեւոր հանգրուան մը պիտի ըլլայ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի արդարացի եւ խաղաղ կարգաւորումը, համաձայն միջազգային օրէնքներուն` Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչումով:

Եպիսկոպոսաց ժողովը նաեւ մտահոգութիւն կը յայտնէ աշխարհի տարբեր կողմերուն մէջ, մասնաւորաբար Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Սուրիոյ եւ Իրաքի, ինչպէս նաեւ Ուքրանիայի մէջ շարունակուող տագնապներուն համար, որոնք պատճառ կը դառնան մարդկային բազմաթիւ զոհերու եւ աւերածութիւններու: Մեր զօրակցութիւնը կը յայտնենք տագնապի գօտիներուն վրայ բնակող խաղաղ բնակիչներուն, որոնց կարգին մեր ժողովուրդի զաւակները, աղօթելով զինուորական գործողութիւններու շուտափոյթ դադարման եւ աշխարհի մէջ ընդհանուր ու տեւական խաղաղութեան հաստատման համար:

«Քրիստոս է մեր Աստուածը եւ մենք կը յուսանք Իրեն» աղօթքի բառերուն վստահութեամբ ու Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ նահատակներու յիշատակին առջեւ, սիրտի պարտքի գիտակցութեամբ Եպիսկոպոսաց ժողովը կը վերանորոգէ իր սրբազան ուխտը, շարունակելու իր սրբազան առաքելութիւնը` յանուն հայ եկեղեցւոյ առաւել պայծառութեան, ազգային միասնականութեան, մեր երկրի զօրացման ու աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդի բարօրութեան:

Թող ամենազօրն Աստուած պահապան ըլլայ մեր եկեղեցւոյ, հայրենիքին եւ հայոց ազգին այսօր եւ յաւիտեանս, Ամէն:

 

 

Նախորդը

Ըստ Պաշտօնական Երեւանի. Ասիկա Աննախընթաց Յարձակում Էր

Յաջորդը

Պորտիւժա. «Ուղղաթիռի Դէպքը Վտանգաւոր Եւ Սադրիչ Է»

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.