Ղարաբաղեան – ազրպէյճանական սահմանին վրայ արձանագրուած արտակարգ դէպքէն ժամեր ետք Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը տարածած է յայտարարութիւն մը` խստօրէն դատապարտելով վարժական թռիչք իրականացնող «Մի-24» ուղղաթիռը հարուածելու ազրպէյճանական զինեալ ուժերու արարքը:
«Հիմնախնդիրի լուծման ուղղուած իւրաքանչիւր բարձր մակարդակի հանդիպումէն առաջ եւ ետք Պաքու նորանոր սադրանքներու կը դիմէ` խափանելու համար բանակցային հոլովոյթը, Հայաստանի եւ միջազգային հանրութեան ջանքերը` ուղղուած տագնապի բացառապէս խաղաղ լուծման», նշած է պաշտօնական Երեւան` աւելցնելով. «Ազրպէյճանական կողմը կոպտօրէն կ՛ոտնակոխէ վերջին վեհաժողովներուն հիմնախնդիրի խաղաղ լուծման վերաբերեալ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները»:
Կատարուածը անուանելով «յանցաւոր սադրանք»` Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ընդգծած է. «Պաքու ոչ միայն կ՛արհամարհէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու եւ միջազգային հանրութեան կոչերը ուժ չկիրարկելու, զինադադարի ամրապնդման, վստահութեան միջոցներու իրականացման մասին, այլեւ կը գործէ անոնց հակառակ` կրելով իրավիճակի սրման ամբողջ պատասխանատուութիւնը»:
Ուղղաթիռը կործանած զինուորը շքանշանով պարգեւատրած պաշտօնական Պաքուն, մինչդեռ, տեղի ունեցածին մէջ մեղադրած է Երեւանը: Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը պնդած է, թէ Հայաստանի ուղղաթիռները ներխուժած են Ազրպէյճանի օդային տարածք:
«Հայաստանի ուղղաթիռներու ապօրինի ներխուժումը Ազրպէյճանի օդային տարածք կը հանդիսանայ Ազրպէյճանի նկատմամբ բռնագրաւումի եւ յարձակումի շարունակութիւնը, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանական հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան եւ անկախութեան դէմ ուժի գործադրման քաղաքականութեան շարունակութիւնը», յայտարարած է պաշտօնական Պաքուն:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերքած է ազրպէյճանական կողմի պնդումները, ըստ որոնց, «հայկական ուղղաթիռները յարձակում իրականացուցած են ազրպէյճանական դիրքերուն ուղղութեամբ եւ անոնք պատասխանած են»:
Դէպքին կապակցութեամբ խոր մտահոգութիւն յայտնած են ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները:
«Մենք կոչ կ՛ուղղենք կողմերուն զերծ մնալու այնպիսի քայլերէ, որոնք կրնան սրել լարուածութիւնը սահմանագիծին եւ հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ: Ամրան տեղի ունեցած բռնութիւններու ալիքի կրկնութիւնը անթոյլատրելի է», յայտարարած են ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի, ռուս եւ ֆրանսացի համանախագահները 12 նոյեմբերի գիշերը հրապարակած միացեալ յայտարարութեան մէջ:
«Այս իրադարձութիւնները հերթական յիշեցումն են այն բանին, թէ որքան անկանխատեսելի է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը, եւ կը շեշտադրեն անոր երկարատեւ լուծումը գտնելու ուղղութեամբ ջանքերը աշխուժացնելու անյետաձգելիութիւնը», յայտարարած են համանախագահները:
Միջնորդները տեղի ունեցածին առնչութեամբ կողմերէն ոչ ոք մեղադրած են, փոխարէնը` կոչ ուղղելով Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն յարգելու ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման հասնելու վերաբերեալ իրենց ստանձնած պարտաւորութիւնները:
«Մենք նաեւ կոչ կ՛ուղղենք նախագահներուն ձեռնարկելու վստահութեան ամրապնդման այնպիսի ձեւեր, որոնք կը բարձրացնեն թափանցիկութիւնը սահմանագիծին վրայ, եւ կը նուազեցնեն կատարուած դէպքին նման իրադրութիւններու կրկնութեան հաւանականութիւնը», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
Պաշտօնական Ուաշինկթըն մտահոգութիւն արտայայտած է վարժական թռիչք իրականացնող «Մի-24» ուղղաթիռը հարուածելու ազրպէյճանական զինեալ ուժերու արարքին կապակցութեամբ:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճեն Փսաքի յայտարարած է, որ այս դէպքը «անգամ մը եւս կը յիշեցնէ» շրջանին մէջ լարուածութիւնը նուազեցնելու զինադադարը յարգելու անհրաժեշտութեան մասին:
Փսաքի Ուաշինկթընի մէջ լրագրողներուն ըսած է, որ «տագնապի զինուորական լուծում չի կրնար ըլլալ»:
Դէպքին նաեւ անդրադարձած է պաշտօնական Պրիւքսէլ` կոչ ուղղելով հետաքննելու ուղղաթիռին կործանումը: «Կարեւոր է, որ կողմերը զսպուածութիւն ցուցաբերեն եւ զերծ մնան գործողութիւններէ եւ յայտարարութիւններէ, որոնք կրնան սրել իրավիճակը: Աւելի՛ն, կոչ կ՛ուղղենք դէպքին առնչութեամբ քննութիւն կատարելու», ըսուած է Եւրոպական Միութեան յայտարարութեան մէջ:
Յայտարարութեամբ Եւրոպական Միութիւնը վերահաստատած է ամբողջական աջակցութիւնը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին եւ երեք համանախագահներուն:
«Տագնապին երկու կողմերն ալ պէտք է խստօրէն յարգեն զինադադարը, զերծ մնան ուժի գործադրումէն կամ ատոր սպառնալիքէն եւ վերականգնեն ջանքերը` ղարաբաղեան խնդիրի խաղաղ լուծման ուղղութեամբ», ընդգծած է պաշտօնական Պրիւքսէլ:
ՕԹԱՆ Զսպուածութեան Կոչ Ուղղած Է
Տագնապի Կողմերուն
Ղարաբաղեան տագնապի կողմերուն զսպուածութեան կոչ ուղղած է ՕԹԱՆ: Այդ մասին Հարաւային Կովկասի մէջ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Ճէյմս Ափաթուրայ գրած է «ֆէյսպուք»-ի իր էջին մէջ:
«Մտահոգ եմ Ազրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ հայկական ուղղաթիռը հարուածելու մասին հաղորդագրութիւններով: Դէպքին հանգամանքներէն անկախ` կողմերը պէտք է զսպուածութիւն դրսեւորեն եւ ձգտին հասնիլ տագնապի դիւանագիտական լուծման», գրած է Ափաթուրայ:


