«Ակօս» շաբաթաթերթի կայքը կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ Թաքսիմ հրապարակի վերանորոգման ընթացքին անցեալ տարի յայտնաբերուած հայկական գերեզմանաքարերը տեղափոխուած են Շիշլի թաղամասի գերեզմանատուն: Այդ գերեզմանաքարերուն համար գերեզմանատան մէջ հարթակ մը կը կառուցուի:
Անոնց շարքին եղած է Վանէն խոհարար Աբրահամի գերեզմանաքարը, որ, այլ գերեզմանաքարերու շարքին, ուսումնասիրուած է Պոլսոյ հնագիտական թանգարանին կողմէ:
Յայտնաբերուած 14 գերեզմանաքարերէն երկուքը կը ցուցադրուին թանգարանին մէջ, իսկ 12-ը յանձնուած են Շիշլիի հայկական գերեզմանատան:
18-19-րդ դարերուն թուագրուող այս գերեզմանաքարերը երկար ժամանակէ ի վեր դրուած են գերեզմանատան կեդրոնը, սակայն հարթակի կառուցումէն ետք պիտի տեղադրուին ատոր վրայ:
Ըստ զրոյցներու, այնտեղ պիտի կանգնեցուի նաեւ Կոմիտասի արձանը:


