
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին, վարչապետ Թամմամ Սալամ յայտնեց, որ ինք համոզուած է, թէ իրանեան հիւլէական թղթածրարին վերաբերեալ տարակարծութիւնը լուծելով կարելի կ՛ըլլայ լուծել լիբանանեան քաղաքական այն տագնապը, որուն պատճառով Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութիւնը խոչընդոտուած է:
Վարչապետ Սալամ հաստատեց, որ Լիբանանի տագնապին լուծման համար անհրաժեշտ է լուծել ամբողջ շրջանին տագնապը` սկսելով Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ հիւլէական թղթածրարին շուրջ համաձայնութենէն, հասնելով Սուրիոյ տագնապին վերջնական լուծման, որովհետեւ ամէն բան իրարու առնչուած է:
«Եթէ մենք կը փափաքինք Լիբանանի նախագահական ընտրութեան հարցը լուծել, ապա շրջանին մէջ տիրող տագնապին լուծման պէտք է սպասենք, սակայն դժբախտաբար այդ տագնապը լուծելու առումով յոյսերը այդքան ալ բարձր չեն», ընդգծեց Սալամ:
Վարչապետ Սալամ շեշտեց, որ լիբանանցիները իրենց տեսլականն ու ջանքերը պէտք է ի մի բերեն եւ ուղղուին նախագահական ընտրութեան եւ ապա ընտրական նոր օրէնք մը վաւերացնեն ու կատարեն երեսփոխանական ընտրութիւններ, որոնք ներքին ժողովրդավարութիւնն ու լիբանանեան ներքին միասնականութիւնը կ՛ամրապնդեն:
Ապահովական առումով, վարչապետ Սալամ յայտնեց, որ վտանգները առկայ են եւ կարելի չէ զանոնք շրջանցել առանց նախազգուշութիւններու դիմելու եւ ապահովական միջոցառումներ որդեգրելու:
Ան ընդգծեց, որ Լիբանանն ու լիբանանցիները յաջողեցան ապահովական վտանգներուն դիմադրելու իրենց ներքին միասնականութեամբ:
Ան նաեւ շեշտեց, որ լիբանանեան ապահովական կառոյցները ցոյց տուին, թէ իրենք կազմ ու պատրաստ են որեւէ վտանգ դիմակայելու:
Վարչապետարանին Մէջ

Վարչապետ Սալամ երեկոյեան վարչապետարանին մէջ նախագահեց առեւանգուած բանակայիններու ազատ արձակման նպատակով կազմուած նախարարական յանձնախումբի նիստին, որուն ներկայ էին փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆի, Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար Մոհամետ Խէյր եւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ:
Նշենք, որ վարչապետ Սալամ երէկ ընդունեց առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը, որ զինք տեղեակ պահեց նախարարութեան կողմէ որդեգրուած դասաւորումներուն մասին:
Ապու Ֆաուր վարչապետին ներկայացուց առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ ուտեստեղէնի առողջապահական չափանիշները ամբողջացնելու առումով նախարարութեան կատարած ստուգումներուն մանրամասնութիւնները:
Վարչապետ Սալամ դրուատեց Ապու Ֆաուրի ի գործ դրած ճիգերը եւ շեշտեց, որ ինք կը զօրակցի անոր` պաշտպանելու հանրութեան գերագոյն շահերը, ինչպէս նաեւ լիբանանցիներուն առողջութիւնը:
Վարչապետ Սալամ քաջալերեց Ապու Ֆաուրը` շարունակելու իր ջանքերը` լիբանանցիներուն տրամադրուող ուտեստեղէնին առողջապահական ըլլալու չափանիշները քննելու առումով, ինչպէս նաեւ այդ չափանիշները չամբողջացնող հաստատութիւններուն դէմ օրինական միջոցներ որդեգրելու անհրաժեշտութեան շրջագիծին մէջ:
Վարչապետ Սալամ հաստատեց, որ ոչ ոք իրաւունք ունի լիբանանցի քաղաքացիներուն առողջապահութիւնը վտանգի ենթարկելու:


