ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ քուէաթղթիկներու 88,4 առ հարիւրին հաշուարումէն ի յայտ եկած է, որ սպանական Քաթալոնիա նահանգի անկախութեան խորհրդանշական հարցում-հանրաքուէին ընթացքին երէկ կողմ արտայայտուած է մասնակիցներուն աւելի քան 80 առ հարիւրը:
Հարցաթերթիկին մէջ երկու հարցում եղած է. «Կ՛ուզէ՞ք, որ Քաթալոնիան պետութիւն դառնայ» եւ, դրական պատասխանի պարագային հաստատող հարցում մը եւս. «Կ՛ուզէ՞ք արդեօք, որ այդ պետութիւնը անկախ ըլլայ»: Երկու հարցումներուն ալ կարելի եղած է պատասխանել միայն «այո» կամ «ոչ»:
Հարցումին դրական պատասխան տուած է քուէարկութեան մասնակիցներուն 80,72 առ հարիւրը կամ 1 միլիոն 649 հազար մարդ: Առանց Սպանիոյ կազմէն դուրս գալու սեփական պետութեան ստեղծման դրական պատասխան տուած է մասնակիցներուն 10,11 առ հարիւրը կամ 260 հազար մարդ:
Նահանգի ներկայ կարգավիճակին կողմ արտայայտուած է 4,55 առ հարիւրը կամ 93 հազար մարդ:
Նահանգապետ Արթուր Մաս գոհ մնացած է կամքի արտայայտութեան արդիւնքներէն եւ կեդրոնական կառավարութեան կոչ ուղղած է վերջնական, պաշտօնական հանրաքուէ կատարելու անկախութեան մասին:
Տեղի ունեցած այս քուէարկութիւնը ոչ պաշտօնական բնոյթ ունէր:


