Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պոքօ Հարամէն Ողջոյններ` Ազրպէյճանին

November 11, 2014
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ապուպեքր Շեքաու
Ապուպեքր Շեքաու

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այն պարագային, երբ ամբողջ աշխարհի ուշադրութիւնը սեւեռուած է Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ զգալի տարածքներ բռնագրաւած եւ այնտեղ ահաբեկչական վարչակարգ ստեղծած ՏԱՀԵՇ կրօնական ծայրայեղական խմբաւորումին վրայ, նիկերիական արմատական Պոքօ Հարամ խմբաւորման ղեկավար Ապուպեքր Շեքաու ողջոյններ յղած է իր ազրպէյճանցի եղբայրներուն:

ԱՖՓ կը հաղորդէ, որ Նիկերիոյ քաղաքներէն մէկուն մէջ տեղւոյն բնակչութեան քարոզ կարդալու ժամանակ Ապուպեքր Շեքաու յիշատակած է նաեւ Ազրպէյճանը:

Գործակալութեան տրամադրութեան տակ յայտնուած 40 վայրկեան տեւողութեամբ տեսանիւթին մէջ իր մերձաւորներուն հետ զրահապատ մեքենայի վրայ կանգնած Շեքաու տեղացիներուն յայտարարած է, որ Նիկերիոյ մէջ խալիֆայութիւն կը հաստատէ, եւ իր կողմէ գրաւուած բոլոր բնակատեղիներուն մէջ արդէն կը գործեն իսլամական օրէնքները:

Ան յայտարարած է նաեւ ՏԱՀԵՇ-ի նկատմամբ իր աջակցութիւնը: Շեքաու յայտարարած է, որ կը պատրաստուի իր տարածքները միաւորելու համաշխարհային խալիֆայութեան:

«Կը շնորհաւորեմ բոլոր անոնք, որոնք արդէն կը բնակին Իսլամական պետութեան մէջ: Յատուկ կը փափաքիմ ողջոյններս յղել մեր եղբայրներուն Ազրպէյճանի, Աֆղանիստանի, Փաքիստանի, Չեչենիոյ, Եմէնի եւ Սոմալիի մէջ», յայտարարած է Պոքօ Հարամի ղեկավարը:

Նիկերիոյ մէջ գործող Պոքօ Հարամ իսլամական խմբաւորումը, որ քանի մը ամիս առաջ մեծ թիւով աշակերտուհիներ առեւանգած էր, կը նկատուի Քայիտա միջազգային ահաբեկչական խմբաւորման բաղկացուցիչ մասը:

ԱՖՓ յիշեալ տեսանիւթը չէ հրապարակած անոր քարոզչական ուղղուածութեան պատճառով` նիւթին մէջ տեղադրելով միայն քանի մը լուսանկար տեսահոլովակէն: ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորումը վերջերս կազմած էր «Համաշխարհային խալիֆայութեան» քարտեսը, որուն կազմին մէջ եղած էր նաեւ Ազրպէյճան:

2013-ի մայիսին Սուրիոյ մէջ կռուող ազրպէյճանցիները հանդէս եկած էին հերթական տեսադիմումով, որուն մէջ իրենց հայրենակիցներուն կոչ ուղղած էին Սուրիոյ մէջ ժիհատ կատարելու: Որոշ փորձագէտներու կարծիքով, Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ընթացող բախումները հաւանաբար ապագային ներթափանցեն նաեւ Ազրպէյճան:

Նախորդը

Ազրպէյճանի Ընդդիմութիւնը Հանրահաւաքի Ընթացքին Պահանջած Է Ալիեւի Հրաժարականը

Յաջորդը

Քաթալոնիոյ Անկախութեան Կողմ Արտայայտուած Է Քուէարկողներուն Շուրջ 80 Առ Հարիւրը

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.