Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ բանակը Թրիփոլիի մէջ շարունակեց ձերբակալումներ կատարել:
Ըստ հաղորդագրութեան, բանակը ձերբակալած է Ահմետ Ահմետ Խալաֆը, որ ամբաստանուած էր նախապէս բանակին դէմ կրակ բանալու եւ զայն ձեռնառումբի թիրախ դարձնելու յանցանքով:
Նոյն շրջանին մէջ բանակը ձերբակալեց այլ քաղաքացի մը, որ բանակին վրայ կրակ բացած էր:
Բանակը ձերբակալեց նաեւ հինգ սուրիացիներ, որոնք ապօրինի կերպով մուտք գործած էին Լիբանան:
Յետմիջօրէին բանակի հրամատարութիւնը հրապարակեց այլ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շեշտեց, որ Հերմել եւ անոր շրջակայքը ռմբակոծումի թիրախ դարձած են` Լիբանանի արեւելան լեռնաշղթայէն կատարուած ռմբակոծումներուն պատճառով:
Հաղորդագրութեան համաձայն, արձանագրուած են վիրաւորներ եւ նիւթական վնասներ:


