«Ինթըրփոլ»-ի նախագահ Էլիաս Մըր երէկ նախագահեց «Ինթըրփոլ»-ի քարտուղարներուն նիստին, որուն ընթացքին յայտարարուեցան հինգ արտակարգ եւ հիմնական ծրագիրներ:
Այդ ծրագիրները կը վերաբերին դրամատուները դրամի լուացումէ եւ ահաբեկչական կազմակերպութիւններ ֆինանսաւորելէ պաշտպանելու, պայքարելու ինքնաշարժի աւազակութեան, կեղծելուն եւ զանոնք պայթումներու իբրեւ սարք գործածելու արշաւին դէմ, բջիջային հեռաձայնի յատուկ ծրագիրի մը ընդմէջէն աշխարհի բոլոր քաղաքացիներուն օգնելու, որպէսզի կեղծուած դեղօրայքի կամ առարկայի զոհը չդառնան, «Ինթըրփոլ»-ի եւ դատական իշխանութիւններուն միջեւ յարաբերութիւնները ամրապնդելու` ամբողջ աշխարհի տարածքին, ինչպէս նաեւ վերջ տալու կրօնական հնութիւններու գողութեան եւ վաճառքին:
Մըր յայտնեց, որ այս ծրագիրները նուիրուած են «Ինթըրփոլ»-ի 100-ամեակին` աւելցնելով, որ այդ ծրագիրներուն գործադրութիւնը Լիբանանի համար օգտակար պիտի ըլլայ:
Էլիաս Մըր հաստատեց, որ ապահովական իմաստով Լիբանան այսօր կը գտնուի համաշխարհային հաւասարակշռութեան կեդրոնին մէջ:
Ան նշեց, որ միջազգային որակաւորումով լիբանանեան բանակը հզօր բանակներէն մէկը կը նկատուի եւ բնաւ վտանգի չէ ենթարկուած, «ընդհակառակն` ան արաբական լաւագոյն բանակներէն կը նկատուի, ինչ որ լիբանանցիներուն հպարտութիւն կը ներշնչէ: Սակայն հակառակ այս բոլորին, Լիբանան վտանգի շրջանակին մէջ կը գտնուի, որովհետեւ ՏԱՀԵՇ-ի երեւոյթը քանի մը շաբաթէն կամ ամիսէն կարելի չէ վերացնել, այլ` քանի մը տարիէն: Իսկ լիբանանցիներուն միակ ճառը իրենց բանակին եւ ապահովական կառոյցներուն զօրակցիլն է, ինչպէս նաեւ վերջ տալ ներքին քաղաքական հարցերուն եւ անյապաղ նախագահական ընտրութիւն կատարել», շեշտեց Մըր:
Ան ընդգծեց նաեւ, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին իմաստով ինք յանձնառու է «Ինթըրփոլ»-ի եւ Լիբանանի միջեւ տեղեկութիւններու փոխանակման առաքելութեան:


