Նախորդ շաբաթավերջին «Լիկ-1»-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան 12-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Մարսէյ իր դաշտին վրայ 2-1 արդիւնքով յաղթեց Լանսին:
Այս մրցումին հիւրընկալ խումբին` Մարսէյի հետ իր նորամուտը նշեց 19 տարեկան երիտասարդ յետսապահ Կայել Անտոնեան, որ դաշտ ներկայացաւ 80-րդ վայրկեանին:
ArmSport.am իր լուրը կ՛եզրափակէ նշելով, որ անցեալին Անտոնեան հանդէս կու գար Մարսէյի երիտասարդական խումբին հետ:


