Իտալացի հանրածանօթ ֆութպոլի մասնագէտ Մարչելօ Լիփփի նախորդ շաբաթավերջին իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ վերջ մը կը դնէ մարզիչի իր արհեստավարժ ասպարէզին:
66 տարեկան Լիփփիի վերջին ակումբը եղաւ Կուանկժու Էվըրկրանտ, որ նախորդ շաբաթավերջին տիրացաւ Չինաստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան տիտղոսին:
«Չեմ փափաքիր շարունակել մարզիչի ասպարէզս, որովհետեւ կը զգամ, որ ծեր եմ այդ աշխատանքին համար: Սակայն կ՛ուզեմ շարունակել իբրեւ թեքնիք տնօրէն, անշուշտ եթէ առիթը ներկայանայ ինծի», ըսաւ ան:


