Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բանակը Գրաւեց Մեծ Քանակութեամբ Զէնք Ու Զինամթերք, Ձերբակալեց Յանցագործներ Եւ Վնասազերծեց Ականներ

November 1, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

1031_roumperԱպահովական միջոցառումներ որդեգրելու շրջագիծին մէջ լիբանանեան բանակը երէկ շարունակեց ձերբակալել յանցագործները, ինչպէս նաեւ գրաւել զէնքերը եւ վնասազերծել ահաբեկիչներուն կողմէ լարուած ականները:

Բանակի հրամանատարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, Թրիփոլիի Ապի Սամրա շրջանին մէջ բանակի մէկ զօրամասը նկատեց կասկածելի շարժումներ` մարդոց, որոնք սնտուկներ կը փոխադրէին:

Բանակայինները անմիջապէս ներխուժեցին այդ վայրը, ուր գտան մեծ թիւով զէնքեր, գնդացիրներ, փամփուշտներ, արձակազինութեան յատուկ զէնքեր, համակարգիչ, նռնականետեր, ձեռնառումբեր եւ այլ զինամթերք:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ աւելի ուշ ի յայտ եկած է, թէ գրաւուած զէնքերը կը պատկանին շէյխ Պիլալ Տըքմաքի:

Գրաւուած այդ զէնքերը փոխանցուեցան համապատասխան մարմիններուն, եւ այդ մասին բացուեցաւ հետաքննութիւն:

Շէյխ Տըքմաք, որ կը գտնուի Թուրքիա, երէկ երեկոյեան «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ այդ զէնքերը հին են եւ կը գտնուին իր հօրենական բնակարանին մէջ` աւելցնելով, որ երբ ինք Լիբանան վերադառնայ, այդ հարցով պիտի այցելէ բանակի գաղտնի սպասարկութեան:

Նոյն ընթացքին Տըքմաք հաստատեց, որ այդ զէնքերը ինք պահած է իսլամ քարոզիչ Իսլամ Շահհալի համար:

1031_tserpagaloumԲանակը Թրիփոլիի մէջ ձերբակալեց նաեւ 8 լիբանանցիներ, որոնք նախապէս բանակը գնդակոծած էին եւ անոր կեդրոնները ձեռնառումբերու թիրախ դարձուցած:

Բանակը ձերբակալեց նաե 6 սուրիացիներ, որոնք առանց օրինական փաստաթուղթերու կը շրջէին Լիբանանի մէջ:

Պապ Թըպպանէի մէջ կասկածելիներու բնակարանները ներխուժելու գործողութիւններուն շրջագիծին մէջ բանակը բացայայտեց լարուած հրթիռ մը, ինչպէս նաեւ հինգ ականներ, որոնք անմիջապէս վնասազերծուեցան բանակին սակրաւորներուն կողմէ:

Բանակը Աքքարի մէջ ներխուժեց բանակէն անջատուած եւ ապա Տըննիէի մէջ սպաննուած բանակային Ապտել Քատեր Աքքումիի բնակարանը, ուր անոնք փնտռեցին անոր եղբայրը` Խալետ Աքքումին, որ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու հետեւորդ է:

Բանակը Հալպայի մէջ ներխուժեց Եհիա Հոպլոսի բնակարանը, ուրկէ գրաւեց զէնք եւ զինամթերք, ինչպէս նաեւ ձերբակալեց Ֆատի Իպրահիմը եւ Ֆուատ Հոպլոսը,  որոնք ահաբեկչութեան յանցանքով ամբաստանուած շէյխ Խալետ Հոպլոսի հետեւորդներ են:

Նախորդը

Պըրրի. «Խորհրդարանի Պաշտօնավարութիւնը Երկարաձգելու Նիստը Պիտի Չգումարուի Քրիստոնեայ Համայնքի Հսկայ Պլոքներուն Բացակայութեան»

Յաջորդը

Մահչուփեան. «Հայկական Աշխարհի Բազմաշերտութիւնը Կը Թեթեւցնէ Թուրքիոյ Գործը»

RelatedPosts

Աուն – Սալամ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Աուն – Սալամ Հանդիպում

November 25, 2026
Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ.  Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ  Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ. Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»

November 25, 2026
Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու  Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ  Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութեան Մը Հետ
Լիբանանեան

Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութեան Մը Հետ

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։