Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրիփոլիի Բնակիչներուն Հատուցելու Նպատակով Կառավարութիւնը 30 Միլիառ Լ. Ոսկիի Յատկացում Մը Տրամադրեց

October 31, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Կառավարութեան նիստէն պահ մը
Կառավարութեան նիստէն պահ մը

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, վարչապետարանին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի:

Նիստէն բացակայեցան նախարարներ Ռաշիտ Տըրպաս, Ալեն Հաքիմ եւ Նեպիլ տը Ֆրէյժ:

Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ յայտնեց, որ վարչապետ Սալամ կառավարութենէն պահանջած է նախագահական ընտրութիւն կատարել եւ մաղթած, որ անիկա մօտիկ ապագային կատարուի, նկատի ունենալով անոր կարեւորութիւնը` սահմանադրական հաստատութիւններուն աշխատանքը կարգաւորելու իմաստով:

«Վարչապետ Սալամ շեշտեց նաեւ, որ ինք առեւանգուած բանակայիններուն հարցին լուծումը առաջնահերթութիւն կը նկատէ», ըսաւ Ժրէյժ` աւելցնելով, որ վարչապետը կառավարութեան ներկայացուցած է նաեւ Գերմանիա կատարած իր այցելութեան արդիւնքները:

Ժրէյժ յայտնեց, որ վարչապետ Սալամ դրուատած է Թրիփոլիի մէջ բանակին իրագործած ապահովական նուաճումը եւ անդրադարձած Թրիփոլիի բնակչութեան կրած ահաւոր վնասներուն:

Ան դիտել տուաւ, որ Թրիփոլիի բնակիչներուն հատուցելու նպատակով կառավարութիւնը 30 միլիառ լ. ոսկիի յատկացում մը տրամադրած է:

Ժրէյժ յայտնեց նաեւ, որ կառավարութիւնը արտօնած է, որ պետական մարզի պաշտօնեաներուն, ինչպէս նաեւ զինուորներուն ամսական աշխատավարձերը տրամադրուին:

Կառավարութեան նիստին ընթացքին արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆի յայտնեց, որ քաթարցի բանագնացը ուղղուած է Արսալի բարձունքները, ուր  հանդիպում պիտի ունենայ բանակայինները առեւանգող կողմերուն հետ եւ անոնցմէ իմանայ բանակայինները ազատ արձակելու փոխարէն անոնց իսկական պահանջները:

Կառավարութիւնը քննարկեց նաեւ «Սուքլին» ընկերութեան եւ աղբերու հարցը, որուն լոյսին տակ կառավարութիւնը Վերաշինութեան եւ բարգաւաճման խորհուրդին յանձնեց Պէյրութի, հիւսիսային Լիբանանի եւ Լեռնալիբանանի մէջ աղբերը հաւաքելու դրութիւնը կանոնաւորելու իմաստով նուազուրդ մը կազմակերպելու նախագիծի պատրաստութիւնը, որ պէտք է յանձնել 15 օրուան ընթացքին:

 

Նախորդը

Վարչապետ Սալամ Ընդունեց Առեւանգուած Բանակայիններուն Ընտանիքները

Յաջորդը

Պըրրի Խորհրդարանը Հրաւիրեց Լիագումար Նիստի

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.