
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց առեւանգուած բանակայիններու ընտանիքներուն մէկ պատուիրակութիւնը, որուն ներկայութեան շեշտեց, որ առեւանգող կողմին հետ բանակցութիւնները ընթացքի մէջ են` աւելցնելով, որ իրենց փափաքած դրական արդիւնքը կարելի չէ մօտիկ ապագային իրականացնել:
Վարչապետ Սալամ շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ ազատ արձակելու համար առեւանգուած բանակայինները: Ան վերահաստատեց իր զօրակցութիւնը ընտանիքներուն` ընդգծելով, որ ինք եւս կը ցաւի անոնց հետ եւ կը հասկնայ անոնց ցասումը:
Վարչապետ Սալամ կոչ ուղղեց անոնց չարտօնելու, որ զիրենք օգտագործեն լիբանանեան պետութեան դէմ շանթաժի նպատակով:
Առեւանգուած բանակայիններուն հարցը բարդ է, իսկ բանակցութեան բնոյթը` դժուար: Ես այս պարտականութիւնը ստանձնած եմ, սակայն չեմ կրնար խոստումներ տալ ու խաբել ձեզի: Մենք բոլորս նեցուկ կը կանգնինք ձեզի եւ կը բաժնենք ձեր ցաւը, իսկ մեր զաւակներուն փրկութեան առիթը կրնանք տալ միայն մեր հզօր կեցուածքներով եւ միասնականութեամբ:
Հանդիպումէն ետք առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքները հաստատեցին, որ իրենք իրենց որդեգրելիք մագլցողական քայլերը 48 ժամով յետաձգած են` սպասելով Արսալի բարձունքները ուղղուած քաթարցի բանագնացին վերադարձին:
Նշենք, որ Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ շարունակուող բողոքի նստացոյցին ընթացքին, առեւանգուած բանակային Խալետ Մուքպել Հասանի մայրը փորձեց պենզինով ինքզինք հրկիզել` չհանդուրժելով իր զաւկին բացակայութիւնն ու անոր ունենալիք ճակատագիրին իմաստով տիրող անորոշութիւնը:
Իր զաւկին համար ցաւող մօր այս արարքը արգիլուեցաւ անոր շուրջ գտնուող առեւանգուած բանակայիններու այլ ընտանիքներուն կողմէ:


