
ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ, Եւրոպայի մէջ կը շարունակուին «Թեւանիկ» ժապաւէնի ցուցադրութիւնները: Ցուցադրութիւններուն ներկայ կը գտնուին նաեւ ժապաւէնի բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեան եւ Արցախի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու փոխնախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան:
Լոնտոնի հայ համայնքի «Նաւասարդեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած ցուցադրութեան յաջորդեցին Պելճիքայի եւ Մեխելեն քաղաքներուն մէջ հայ համայնքներուն համար ցուցադրութիւնները:
Իւրաքանչիւր ցուցադրութեան յաջորդեց հարց ու պատասխան բեմադրիչին եւ փոխնախարարին հետ:
Ցուցադրութիւնները շարունակուեցան նաեւ երէկ` 28 հոկտեմբերին, Պրիւքսէլի մէջ: Բացի ժապաւէնին ցուցադրութիւններէն բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեան զանազան հանդիպումներ պիտի ունենայ Պելճիքայի մէջ բնակող շարք մը արուեստագէտներու հետ` յառաջիկային համագործակցելու նպատակով:
Բեմադրիչին եւ փոխնախարարին ներկայութեամբ ժապաւէնը պիտի ցուցադրուի նաեւ Ամսթերտամի, Ռիկայի եւ քանի մը այլ քաղաքներու մէջ:
Իսկ եւրոպական ցուցադրութիւններէն ետք Ջիւան Աւետիսեան պիտի մեկնի Լիթուանիա` մասնակցելու համար Վիլնիւսի մէջ տեղի ունենալիք շարժապատկերի փառատօնի:
Երէկ Չինաստանի Շաանսի նահանգի Սիան քաղաքին մէջ աւարտեցաւ «Մետաքսի ճանապարհ» առաջին միջազգային շարժապատկերի փառատօնը, ուր Ջիւան Աւետիսեանի «Թեւանիկ» ժապաւէնը արժանացաւ փառատօնի բարձրագոյն` «Հանդիսատեսի համակրանք» մրցանակին:


