
Թրքական «Սթար» օրաթերթը կը գրէ, որ «Աքշամ» օրաթերթի յօդուածագիր Էթիեն Մահչուփեան խօսած է Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուի գլխաւոր խորհրդականը դառնալու իր որոշումին մասին եւ ըսած, որ այդ առաջարկը չէր կրնար մերժել: Ան նշած է, որ վարչապետին որեւէ շօշափելի մարզի մէջ խորհրդատուութիւն պիտի չտայ:
«Պարոն վարչապետին հետ անցեալ շաբաթ հանդիպեցանք եւ ինք ինծի այդպիսի առաջարկ ներկայացուց: Որեւէ յատուկ մարզի մէջ խորհրդատուութեան մասին չենք խօսած: Հայկական հարցի մասին առհասարակ խօսք չէ եղած: Որեւէ շօշափելի նիւթ չենք առանձնացուցած: Այսօր կարեւոր չթուացող որեւէ հարց վաղը կրնայ երկրին համար կարեւոր հարց դառնալ», ըսած է Տաւութօղլուի նոր նշանակուած խորհրդականը:
25 հոկտեմբերին հաղորդուած էր, որ պոլսահայ գրող, լրագրող, հրապարակախօս Էթիեն Մահչուփեան նշանակուած է Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուի գլխաւոր խորհրդական:


