Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներ Մարդասիրական Օգնութիւն Եւ Զէնք Փոխադրած Են Արաբունար

October 21, 2014
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

1021_Kobane«ՌԻԱ-Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ ամերիկեան զինուորական օդանաւերը զէնք, զինամթերք եւ դեղորայք նետած են քիւրտերուն, որոնք Արաբունարի մէջ կը մարտնչին ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն դէմ: Երէկ հաղորդուեցաւ, որ նշեալ զէնք-զինամթերքի աղբիւրը հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավար կառավարութիւնն է:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի երէկ յայտնեց. «Թրքական իշխանութեանց հետ խօսեցանք. ես խօսեցայ, նախագահը խօսեցաւ` շատ յստակ դարձնելու համար, որ ասիկա Միացեալ Նահանգներու կողմէ քաղաքականութեան փոփոխութիւն մը չէ: Ճգնաժամի պահ է, ստիպողական պարագայ մը»: Ան աւելցուց, որ ասիկա «ժամանակաւոր քայլ մըն է»:

Վերջին օրերուն ընթացքին Միացեալ Նահանգներու կողմէ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն հասցուած հարուածները Արաբունարի շուրջ դանդաղեցուցած են անոնց յառաջխաղացքը եւ չէզոքացուցած հարիւրաւոր ժիհատականներ:

«Բայց եւ այնպէս, անվտանգութեան առումով Արաբունարի մէջ կացութիւնը կը շարունակէ մնալ փխրուն, որովհետեւ ՏԱՀԵՇ կը շարունակէ սպառնալ քաղաքին, իսկ քրտական ուժերը տակաւին կը դիմադրեն անոր», կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ:

Քրտական աղբիւր մը երէկ հաստատեց, որ մեծաքանակ զէնք եւ զինամթերք հասած է Արաբունար: Ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժերու բանբեր Ռիտոր Շալիլ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ ամերիկեան զէնքերը դրական ազդեցութիւն պիտի ունենան ճակատամարտին վրայ, սակայն ճակատամարտը վճռելու համար բաւարար չեն:

Չաւուշօղլու. «Թուրքիա Փեշմերկաներու
Արաբունար Հասնելուն Կ՛օժանդակէ»

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու երէկ Թունուզի արտաքին գործոց նախարարին հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ իր երկիրը փեշմերկաներուն կ՛օժանդակէ Արաբունար հասնելով ժիհատականներուն դէմ կռիւներուն մասնակցելու:

«Մենք փեշմերկաներուն կ՛օգնենք Արաբունար մուտք գործելու: Մեր քննարկումները տակաւին ընթացքի մէջ են», ըսաւ ան: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւրներ «Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ»-ին յայտնած են, որ փեշմերկաներու Թուրքիոյ ճամբով Արաբունար մուտքը արդէն սկսած է:

Մինչ այդ, թրքական դիւանագիտական աղբիւրներ «Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ»-ին յայտնած են, որ Իրաքի քրտական ինքնավար շրջանէն Ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժերուն ամերիկեան ուժերու հասցուցած օժանդակութիւնները թրքական օդային տարածքին ճամբով չեն առաքուած:

Նախորդը

Տաւութօղլու. «Արաբունարը Կը Ներկայացնէ Երկու Ուղի` Խաղաղութիւն Կամ Ցաւ»

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
Թրամփ-Շի Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ-Շի Հանդիպում

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.