ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան ընդունեց Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Ճիուզեփէ Մորապեթոն, որ բարձր գնահատեց կրօններու միջեւ երկխօսութիւն կատարելու միւֆթի Տըրիանի յանձնառութիւնը, ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու իր նախանձախնդրութիւնը: Ան հաստատեց, որ Իտալիա մնայուն կերպով պատրաստ է օժանդակելու Լիբանանի ապահովական կայունութեան` ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն թէ լիբանանեան բանակը զինելու ընդմէջէն:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա ընդունեց Լիբանանի մէջ Քուէյթի դեսպան Ապտել Ալ Քանային, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ սալաֆական քարոզիչ շէյխ Շահհալ երէկ յայտնեց, որ երկրին մէջ արձանագրուած վերջին իրադարձութիւնները կրնան չափանիշներ ըլլալ` Լիբանանի եւ լիբանանեան բանակին քայքայումին:
ՄԵՐՁԱՒՈՐ Արեւելքի ուսումնասիրութեանց Ուաշինկթընի հիմնարկը վիճակագրութեան մը արդիւնքներուն հիման վրայ հաստատեց, որ լիբանանցիներուն զերօ առ հարիւրը կը զօրակցի ՏԱՀԵՇ-ի քաղաքականութեան:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ աղբիւրներ հաստատեցին, որ լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն դիմաց կարմիր գիծեր չկան` ընդգծելով, որ Հըզպալլա ոչ մէկ յանցագործի կուսակցական անձեռնմխելիութիւն կը շնորհէ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ուալիտ Խուրի յոյս յայտնեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքին հետ իրենց երկխօսութեան իբրեւ արդիւնք զարգացումներ արձանագրուին: Ան նշեց, որ նախագահական ընտրութեան թղթածրարը լուծելու առումով տակաւին վերջնական ու յստակ տուեալներ չկան:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, կը նախատեսուի, որ չորեքշաբթի, 29 հոկտեմբերին օրէնսդրական նիստ մը գումարուի եւ խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկու տարի եւ եօթը ամիսով յետաձգուի:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի չի բացառեր, որ խորհրդարանի վաղուան լիագումարին առաջարկուի խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի շեշտեց, որ քրիստոնեաներուն երկփեղկումին պէտք է վերջ մը դրուի, իսկ միասնականութիւնը դարձած է ստիպողական պարտադրանք:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Մարտ 8-ի քաղաքական աղբիւրներէն, յայտնեց, որ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը, յատկապէս Հըզպալլան պիտի պաշտպանեն կառավարութիւնը:
ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի յայտնեց, որ Լիբանանի պահպանումին եւ գոյատեւումին համար կարելի է գրաւ դնել միայն բանակին եւ պետութեան վրայ:
ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ հաստատեց, որ երկրին մէջ տիրող քաղաքական մթնոլորտը ցոյց չի տար, որ խորհրդարանը մտադիր է աշխատավարձի յաւելումներուն թղթածրարը վաւերացնել:
ՄԱՐՏ 8-ի քաղաքական ուժերու աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնած են, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա մերժած է ընդառաջել Սուրիոյ հարցով միջազգային
յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրայի հետ հանդիպում ունենալու առաջարկին:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Նիտալ Թոհմէ հաստատեց, որ լիբանանեան բանակը կը դիմագրաւէ ճակատագրական պայքար մը, որուն ընթացքին բոլորին պարտականութիւնն է բանակին նեցուկ կանգնիլ:
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, Դիմադրութեան առանցքը սուտի առանցք է եւ սադրանքներէն բացի ոչինչ կ՛արտադրէ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Հիքմաթ Տիպ մերժեց խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը եւ հաստատեց, որ պէտք է երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարել` պահպանելու համար երկրին ժողովրդավարութիւնը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Հատի Հպէյշ կոչ ուղղեց ապահովական կառոյցներուն երկաթեայ բազուկով հարուածելու եւ բանակայինները պաշտպանելու:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Ժապհաթ Նուսրա ճշդած է քաթարցի այն բանագնացը, որ պիտի շարունակէ հետեւիլ առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու թղթածրարին:
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով դիւանագիտական արեւմտեան աղբիւրներէն, զգուշացուց Լիբանանի արեւելեան սահմաններուն վրայ կացութեան բռնկումէն:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Աքքարի մէջ տասնեակ աշակերտներ եւ ուսանողներ անդամագրուած են Ժապհաթ Նուսրային եւ ՏԱՀԵՇ-ին:
«ԱՆՊԱ» օրաթերթին համաձայն, Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն մէջ պայթումներն ու քաղաքական սպանութիւնները շարունակելու առումով մտահոգութիւններ կան:
ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի տեղեկատուական հարցերու պատասխանատու, իրաւաբան Սլէյման Ֆրենժիէ կառավարութենէն պահանջեց տեղահանուած սուրիացիներուն հարցով գործակցիլ սուրիական կառավարութեան հետ:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Ֆարես յայտնեց, որ արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆիի կողմէ Զինուորական ատեանը ջնջելու որոշումը անընդունելի է:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի նախագահ Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ շրջանին մէջ գտնուող ահաբեկչական բոլոր դպրոցները ծնունդ են Եգիպտոսի Իսլամ եղբայրներ կազմակերպութեան:


