«Լիուա» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա Պեքաա կատարած իր վերջին այցելութեան ընթացքին, յանկարծ զինուորական տարազով յայտնուած է արեւելեան լեռնաշղթային մէջ կռուող Դիմադրութեան մարտիկներուն միջեւ:
Սէյիտ Նասրալլա յայտնած է, որ կայ հսկայ դաւադրութիւն մը, որ թիրախ կը դարձնէ Դիմադրութիւնը` աւելցնելով, որ Դիմադրութիւնը բոլոր շրջաններուն մէջ ալ պիտի պայքարի` ինքզինք պաշտպանելու նպատակով:
Ան հաստատեց, որ Հըզպալլա կազմ ու պատրաստ է իսրայէլացիներուն եւ հաւատադրժողական կազմակերպութիւններուն դէմ իր պայքարը շարունակելու, որքան ալ երկար ըլլայ այդ պայքարը, որովհետեւ համոզուած է, որ ի վերջոյ այդ պատերազմէն յաղթական դուրս պիտի գայ:
Ըստ նոյն օրաթերթին, սէյիտ Նասրալլա այցելած է նաեւ ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն դէմ մղուած ճակատամարտներուն ընթացքին զոհուած նահատակներու ընտանիքներուն:


