
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ այցելեց Մեհրապ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Ժոմպլաթի ընկերակցող երեսփոխաններ Ղազի Արիտի, Հանրի Հըլու եւ Նաամէ Թոհմէ, ինչպէս նաեւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխաններ Սթրիտա Ժահժահ եւ Անթուան Զահրա:
Երեք ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Ժահժահի հետ հանդիպումը եղած է անկեղծ եւ դրական` աւելցնելով, որ կարգ մը հարցերու շուրջ իրենք համաձայն են, իսկ կարգ մը այլ հարցերու շուրջ` տարակարծիք, «սակայն երկխօսութիւնը մեր միակ միջոցն է», ըսաւ ան:
Ժոմպլաթ մերժեց բացայայտել այն կէտերը որոնց շուրջ իրենք տարակարծիք են` աւելցնելով, որ իրենց միջեւ գժտութիւն չկայ:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք այս հանդիպումէն ետք Լիբանան հանրապետութեան նախագահ պիտի ունենա՞յ, Ժոմպլաթ ըսաւ. «Հանրի Հըլու տակաւին մեր նախագահական թեկնածուն է»:
Իր կարգին, Ժահժահ ըսաւ, որ Ժոմպլաթի հետ իր հանդիպումը միայն նախագահական ընտրութիւնը քննարկելու նպատակով չէ կատարուած` աւելցնելով, որ այնքան ատեն որ իրենց հակառակորդ քաղաքական ուժերը անշեղ կը մնան իրենց կեցուածքէն, ապա կարելի չէ հանրապետութեան նախագահ ընտրել:
Ժահժահ ընդգծեց, որ Ժոմպլաթի հետ քննարկած է լիբանանեան ազգային բոլոր հարցերը, յատկապէս ներքին լիբանանեան կեանքը կարգաւորելու առումով:
Ան ըսաւ, որ երկրին ապահովական կացութիւնը նաեւ լուսարձակի տակ առնուած է` նկատի ունենալով, որ անիկա լիբանանեան ազգային լուրջ մտահոգութիւն է:
«Լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը համաձայն են ահաբեկչութեան վտանգներուն դէմ դնելու առումով, սակայն կրնան ձեւերն ու միջոցները իրարմէ տարբեր ըլլալ: Բայց եւ այնպէս լիբանանեան բոլոր հարցերուն լուծման առումով նախագահական ընտրութիւնը կը մնայ կարեւորագոյնը», ըսաւ ան:
Միւս կողմէ, Ժոմպլաթ նախանցեալ երեկոյեան Քլեմանսոյի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Սուրիոյ մէջ ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրան` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլիի:
Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային քաղաքական իրադարձութիւնները:
Ժոմպլաթի այցելեցին նաեւ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք եւ գաղթականներու հարցերու նախարար, դատաւոր Ալիս Շապթինի:
Քլեմանսոյի այցելուներէն եղաւ նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նախարարներ Ուաէլ Ապու Ֆաուր եւ Աքրամ Շեհայէպ եւ նախկին նախարար Ղազի Արիտի:


