«Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով թրքական լրատուամիջոցները, կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մշակոյթի նախարար Էօմեր Չելիք «Թուիթըր»-ի վրայ յայտարարած է, որ Հռոմի մէջ Թուրքիոյ հիւպատոսարանին դէմ յարձակում կատարուած է: Կը նշուի, որ թրքական հիւպատոսարանին վրայ ձայնային ռումբեր նետուած են, ինչ որ վնաս հասցուցած է շէնքին:
Նախապէս Եւրոպայի մէջ Թուրքիոյ հիւպատոսութիւններուն դէմ երկու այլ յարձակումներ կատարուած էին: 7 հոկտեմբերին յարձակումներ կատարուած էին Ֆրանսայի Մարսէյ եւ Աւստրիոյ Պրեկենց քաղաքներուն մէջ գտնուող թրքական հիւպատոսարաններուն դէմ:
Կ՛ենթադրուի, որ վերոնշեալ բոլոր յարձակումները կազմակերպուած են Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան կողմէ, որ այդ քայլերուն կը դիմէ ՏԱՀԵՇ-ի` Սուրիոյ քրտաբնակ Արաբունար քաղաքի դէմ կատարուած յարձակումներուն եւ քիւրտերուն դէմ մղուող պատերազմին չմիջամտելու Թուրքիոյ կեցուածքին պատճառով:


