ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբը ակամայ դադարէ մը ետք հանդէս եկաւ «Պիտի ըլլայ պիտի չըլլայ» կատակերգութեամբ, ուրբաթ, 17 հոկտեմբեր 2014, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ: Կատակերգութեան հեղինակն է Ռէյ Լորանս, իսկ մշակումն ու բեմադրութիւնը կատարած է բեմադրիչ Վարդան Մկրտիչեան, որուն հետեւողական եւ բծախնդիր աշխատանքին շնորհիւ դերասաններ Արփի Բարդիեան-Աւետիքեան (Լուսի Խուտիկեան), Արփի Սողոմոնեան (Անչելա Զարամեան), Սեզա Քէշիշչեան (Լարա Խուտիկեան), Քարլա Տինկիզեան (Մոնիք), Յարութ Թորոսեան (Սերժ Խուտիկեան) եւ Յարութ Մանուկեան (Մայք Խուտիկեան) լաւագոյնս մարմնաւորեցին իրենց դերերը եւ երկու արարով ներկայացուցին ընտանեկան նորօրեայ կենցաղն ու քաղքենիացած բարքերը, ընտանեկան դաւաճանութիւնները եւ ապօրինի զաւակներու ներկայութիւնը հասարակութեան մէջ: Պէտք է նկատել, որ զաւեշտին ու ծիծաղին ետեւ թաքնուած էր ազգային լուրջ մտահոգութիւն մը, որ ընտանեկան արժէքներու կորուստն ու խափանումն է:


