
Ուքրանիոյ նախագահութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով հաղորդեց, որ Ուքրանիոյ նախագահ Փիոթըր Փորոշենքօ ստորագրած է օրէնք մը, որ Լուկանսքի եւ Տոնեցքի շարք մը շրջաններուն ինքնավարութեան յատուկ կարգավիճակ կը շնորհէ:
Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ նշեալ շրջաններուն մէջ յատուկ կարգավիճակը ժամանակաւոր է եւ կ՛երկարի երեք ամսուան վրայ:
Հաղորդագրութիւնը կ՛աւելցնէ, որ օրէնքին նպատակը վիճակը կարելի եղածին չափ շուտ բնականոնացնելու, հասարակական կարգի եւ քաղաքացիներուն սահմանադրական իրաւունքներն ու ազատութիւնները վերականգնելու, տունդարձի պայմաններու ստեղծման, բնակավայրերու վերակառուցման ու այդ շրջանները արդիականացնելու յարմար պայմաններ ստեղծելն է:
16 սեպտեմբերին Ուքրանիոյ խորհրդարանը յատուկ կարգավիճակ տրամադրած էր Տոնեցքի եւ Լուկանսքի որոշ շրջաններու: Փորոշենքոյի առաջարկած օրէնքին թեր քուէարկած էին 450 երեսփոխաններէն 277-ն:


