Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Հիմնահարցերու մասին կը սիրենք խօսիլ: Բառերը յաճախ իմաստ փոխադրելէ աւելի տպաւորելու միտումին կը ծառայեն` ամբոխավարութեան տուրք տալով: Եթէ դեռ ֆրանսական առածին պէս չմտածենք, որ` «խօսքը տրուած է մարդուն իր մտածումը թաքցնելու համար (la parole a été donnée à l’homme pour cacher sa pensée):
Իրաւ եւ ոչ ամբոխավարական հիմնահարցեր կան: Անոնք բազմաթիւ են:
Անոնց ցանկին վրայ չենք հանդիպիր արմատաւորման եւ անոր հակառակին` արմատախլութեան. enracinement եւ déracinement: Կարծէք այդ զոյգը որոշիչ հանգամանք չունի ազգային իրաւ հեռանկարի տեսանկիւնէ: Մինչդեռ այդ զոյգը, մեր կացութեան մէջ գտնուող ժողովուրդի մը պարագային, զանազան տեսութիւններէ առաջ դասուելիք գաղափարախօսութիւն պէտք է ըլլար եւ չէ, ոչ զանազան բնոյթի իշխանութիւններուն եւ ոչ ալ անցեալին յաճախ իր ազգային ողջախոհութեամբ յատկանշուող զանգուածին համար:
Աւելի պարզ խօսելով, մեր քաղաքական, կրօնական, մշակութային, լեզուական, ճարտարարուեստական, հողամշակութեան եւ ընկերային նախաձեռնութիւններուն մէջ, անոնք ըլլան անհատական թէ հաւաքական, արմատաւորման կենսագործուող եւ հեռանկարային իրաւ ռազմավարութիւն գոյութիւն չունի, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ): Բիզնեսային մտայնութիւնը մղիչ համապարփակ ազդակն է հակառակին: Կամ (եւ) զբօսաշրջութիւնը:
Ռազմավարութեան բացակայութիւնը ակներեւ է նոյնիսկ Հայաստանի մէջ` ո՛չ միայն արտագաղթով, վերադարձի փիլիսոփայութեան չգոյութեամբ, այլ նաեւ Երեւանի անհարկի աճով, ի հեճուկս Հայաստանի Հանրապետութեան շրջաններուն, որոնք կ’ամայանան: Այդ ամայացման մասին կը խօսուի, բայց անոր կասեցման գծով ոչինչ կը կատարուի: Արմատաւորման բացակայութեան վէրք է նաեւ առանց իմաստութեան ներածուող մշակութային եւ լեզուական վայրագ ներխուժումը, որ թէեւ նոր երեւոյթ չէ, բայց եւ այնպէս կը յառաջացնէ ինքնութենէ աստիճանական խզում` կապկումները եւ հրաժարումները յառաջդիմութիւն համարելով:
Վարդենիսէն կամ Գիւմրիէն Երեւան «գաղթող»-ին համար, մասնակի լուծում է Երեւանը` Լոս Անճելըսի փոխարէն: Գեղեցիկ երգը, որ Երեւանը «մեր փոքրիկ հողին մեծ երազանք է» սոսկ երգ է, որ չի դարմաներ արմատախլութիւնը: Միշտ ըսած եմ, որ մեծ գրողները ունին մարգարէական խօսքեր, ինչպէս Վիգէն Խեչումեանը, որ` խօսելով Անիի ազատագրութեան մասին, կ’ըսէ. «Մէկ քաղաքով ի՞նչ երկիր»: Այսօր ո՞վ կ’ըսէ. «Մէկ Երեւանով ի՞նչ Հայաստան»:
Յուզական պատկերներէ եւ պահերէ ետք, հարազատ լինելութիւնը երաշխաւորելու համար, երբեմն շեշտակի հարցումներ պէտք է ուղղել եւ անոնց պատասխան ճարել` առանց սեթեւեթի: Յաճախ կը յիշեմ իմաստասէրին խօսքը, որ հարցումները աւելի կարեւոր են, քան անոնց տրուած պատասխանները: Ամէն կարգի «էսթէպլիշմընթ»-ները չեն սիրեր շեշտակի հարցումները, զանոնք կը համարեն ապակայունացնող եւ այդ ձեւով ալ կը տնտեսեն ճահճացումը:
Ժողովուրդ եւ ղեկավարութիւններ որքա՜ն լաւ կ’ընեն, բիզնեսէ, բարեսիրութենէ եւ վարարող զբօսաշրջութենէ պահ մը հեռանալով, եթէ ժամանակ տրամադրեն Վիգէն Խեչումեանի «Գիրք լինելութեան» ընթերցման:
Սփիւռք(ներ)ը անդիմագիծ պատկերն է պարտադրուած եւ կամաւոր արմատախլութեան, որ ժամանակաւոր պէտք էր ըլլար, այդպէս կը հաւատային առաջին սերունդի հայրենահանուածները, բայց դարձած է մնայուն երեւոյթ` ազգ հասկացողութիւնը փոխարինելով համայնքներով, մշակութային եւ ըմբռնումներու տարբերութիւններով, աշխարհի բազմաթիւ երկիրներուն մէջ:
Հայաստանէն տեղի ունեցող, շարունակուող եւ չկասող աղէտ-արտագաղթի դիմող եւ «լաւ ապրելու երազ»-ով հայրենիք լքողները չեն հաւատար, որ իրենց կացութիւնը ժամանակաւոր է, գիտեն, որ ընդգրկուած են վերջնականի յորձանքին մէջ:
Առանց արմատաւորման ազգ-հայրենիքը կաղ է, ապագայ չ’ունենար, հեռու չ’երթար:
Առանց արմատաւորման կը մնան բնակիչներ, որոնք երկրին եւ հողին չեն պատկանիր, հողը եւ երկիրն ալ իրենց չի պատկանիր, նոյնիսկ երբ պաշտօնապէս սեփականատէր են եւ քաղաքացի: Տունը, հողը, բնակավայրը սոսկ նիւթական եւ շօշափելի իրողութիւններ չեն, անոնք դրոշմուած կ’ըլլան ենթակայական ազդակներով, ինչպէս` յիշատակները, անմիջական եւ անցեալի ընտանիքի պատկերները, արժէքներ, մշակոյթ, գերեզմաններ, լեզու:
Սփիւռք կացութիւնը, կամայ կամ ակամայ հայրենահանուածները, անոնց ժառանգները, հայրենիք լքողները, աստիճանաբար կը զրկէ ենթակայական ազդակներէ: Անմիջական հետեւանքը կ’ըլլայ հետզհետէ զարգացող անտարբերութիւնը (հարկ է տեսնել բաժակին դատարկ մասը նաեւ, առանց բաւարարուելու զգացական ճառով), բիզնեսային հետաքրքրութիւնը եւ դեռ զգացականութեան տուրք տուող զբօսաշրջութիւնը: Նաեւ եւ մանաւանդ արտագաղթ-հայրենալքումի պարագային:
Արմատներէ հեռացումը միշտ փորձուած է դարմանել հայրենասիրական զգացական ճառով, որ ապարդիւն չէ եղած բոլորովին, բայց ունեցած է միայն մասնակի արդիւնք, բացառիկ պարագաներ եւ ոչ զանգուած:
Այսօր հայութիւնը կը դիմագրաւէ արմատաւորուելու էական նշանակութիւն ունեցող համապարփակ խնդիր, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ):
Նախ Հայաստանի պարագային: Ես ինծի թոյլ կու տամ Հայաստանի մէջ ներառնելու ազատագրուած Արցախը, ամբողջանալու ցանկութեամբ: Գաղափարախօսական-քաղաքական որոշում պէտք է, առանց ճառային խուսանաւումներու, եւ ըստ այնմ նիւթական ներդրումներու, մշակութային յանձնառութիւն, զարգացում եւ բարօր բնակեցման հմայիչ հնարաւորութիւն, կարելիութիւն ստեղծելու համար արմատաւորման:
Ապահովաբար, Հայաստանի վարիչները եւ մտաւորականութիւնը գիտեն, կը տեսնեն, որ երբ մարդիկ կը տեղափոխուին Երեւանի Հիւսիսային կամ եռացող Կոմիտաս պողոտաներէն եւ կ’երթան մերձակայ Փարաքար, կամ Էջմիածին, Վանաձոր, դարաշրջան կը փոխեն, կը հասնին միջնադար: Դեռ չեմ խօսիր աւելի հեռաւոր շրջաններու մասին: Երեւանը մագնիսի պէս իրեն կը քաշէ դեռ արտագաղթելու հեւք կամ միջոց չունեցողները, որոնք իրենց երկրին մէջ իսկ կ’ապրին արմատախլութիւնը: Աշխատանքը նաեւ արմատաւորուելու պատուանդան է: Երբ երկրին գործարանները ջարդուած ապակիներով կմախքանման շէնքեր են, մարդիկ կը հեռանան իրենց պատմութեան սերտօրէն առնչուող գիւղէն, քաղաքէն:
Սեփական երկրին մէջ արմատախիլ ըլլալու պատկերը կայ: Եւ երեւոյթը կը շեշտուի, քանի Հայաստանը կ’ընթանայ մէկ երկիր մէկ քաղաք դրութեամբ:
Այսօր ազգային-գաղափարախօսական-քաղաքական պարտաւորութիւն է, պէտք է ըլլայ, արմատաւորումը: Իր հողին իննսուն տոկոսին վրայ արմատաւորուած բնակչութիւն չունեցող ժողովուրդ մը անոր տէր եւ ծառայ չի կրնար ըլլալ: Արցախցին, որ Երեւան կու գայ, հակառակ բազմապիսի արդարացումներու, արմատախիլ է, եւ հոգեբանօրէն բեկուած է եւ պատրաստ` Լոս Անճելըս կամ Վլատիվոսթոք երթալու: Թերեւս հարկ է փոխել մեր «փոքրիկ հողին մեծ երազանք»-ի հասցէն, երազանքը դարձնել յոգնակի, ըսել Ալլահվերտի, Վանաձոր, Գորիս, Մեղրի, Եղէգնաձոր եւ այլ վայրեր, ուր մարդիկ ապրին ինչպէս կ’ապրին Երեւան: Հայաստան-Արցախի զարգացման պարտաւորութիւնը այս տեսանկիւնէն պէտք է դիտել, ծրագրել եւ ներդրումները ընել, որպէսզի Երեւանէն դուրս Հայաստանը անապատ չըլլայ (աշխատանքի, խնամքի, մշակոյթի, ուսման):
Արմատաւորման հարցը հասութաբերութեան, լաւ պայմաններու մէջ ապրելու իրաւունքի (ինչպէս կ’ըսեն երկրին մէջ գաղթողները եւ արտագաղթողները) չի վերաբերիր, այլ երկրին եւ իր ինքնութեամբ անհատի տեւելու իրաւունքին, նոյնիսկ երբ ան այդ չի պահանջեր, ինչ որ կը սահմանուի իւրաքանչիւր հայու պարտաւորութեամբ, անհատներ եւ ղեկավարութիւններ:
Օրէնքի ընթացիկ ըմբռնումէն վեր պարտաւորութիւն է արմատաւորման իրականացումը:
Հարցում.Երեւանէն դուրս ի՞նչ է Հայաստան-Արցախ տարածութեան բնակչութեան խտութիւնը:
Պատասխանը արթնութեան ահազանգ կրնայ ըլլալ գիտակից հայուն եւ ղեկավարութիւններուն համար, անոնք իշխանութիւն ըլլան թէ ոչ:
Կ’ենթադրեմ, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը դիւրաւ կ’ընդունի արմատաւորման կարեւորութիւնը: Ուրկէ՞ սկսիլ: Հայաստան ոչ Գերմանիա է, ոչ Միացեալ Նահանգներ, ոչ Քանատա, ուր իւրաքանչիւր քաղաք կեդրոն է, իր բոլոր ընկերատնտեսական, առողջապահական, ընկերային, մշակութային կառոյցներով: Հարաւային Ափրիկէի մէջ օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութիւնները տարբեր քաղաքներու մէջ կը գտնուին: Այսինքն, արմատաւորման համար պէտք է իրականացնել իսկական ապակեդրոնացումը, որպէսզի երկրի բոլոր շրջանները զարգանան: Անցեալի իր առողջարաններով հարուստ Վանաձորը ինչո՞ւ չօժտել հիւանդանոցներով եւ բժշկական համալսարանով, ինչո՞ւ վերստին չզարգացնել Գիւմրիի հիւսուածեղէնի գործարանները, փոխանակ վայրագ ներածումներ ընելու:
Մեծանուն ժողովները, ազգային ժողովը, սփիւռքի անհատական եւ միութենական ներդրումներ կատարողները, ինչո՞ւ հրապարակ պիտի չգան արմատաւորման ծրագիրներով, որպէսզի անմիջականօրէն հողին տէր հասարակութիւն ստեղծուի եւ ոչ միայն զբօսաշրջութեամբ զարգացում ակնկալող մանրավաճառութիւն:
Պարզ է, Ալլահվերտիէն կամ Գիւմրիէն Երեւան հասնողը ձեւով մը գաղթական է, արմատախիլ, հետեւաբար նաեւ թեկնածու Լոս Անճելըս, Նոր Զելանտա, Իրքուցք եւ Վլատիվոսթոք չուելու:
Ներքաղաքական եւ բոլոր մակարդակներու շահախնդրութիւներէն վեր, յաղթահարելով ջոջական-էսթէպլիշմընթային թափահարումները, արմատախլութիւն եւ արմատաւորում զոյգին լուծում գտնել այսօրուան եւ ոչ վաղուան պարտաւորութիւնն է:
Եւ հաւանօրէն հոս պէտք է սկսի Հայաստան-սփիւռք(ներ) իրաւ համագործակցութիւնը, նոյն սփիւռք(ներ)ը դուրս բերելով հիւրի, բարեսէրի, բիզնեսային շահագրգռութեան եւ սոսկ անորոշ համրանքի ապաշնորհութենէ: Այսինքն, սփիւռք(ներ)ը բերել որակային մասնակցութեան, նախաձեռնութիւններու եւ անոնց գործադրութեան:
Հայաստան պահելու եւ զարգացնելու անշրջանցելի ճանապարհը համայն երկրին մէջ արմատաւորումն է: Եթէ այսօր չհասնինք այս յանձնառութեան, կը մթագնենք ապագան, մանաւանդ որ պատմութեան ընթացքը արագացած է, ինչ որ կը կատարուէր դարով, այժմ տեղի կ’ունենայ տասնամեակով:
Ընդդէմ բացասականութիւններու եւ բացառութիւններու, առաջնորդող գաղափար պէ՛տք է ըլլայ արմատաւորումը, իրաւ խորքով համազգային առաջադրանք:
Մաղթելի է, որ օր մը չըսուի, թէ արդէն ուշ է:
5 Հոկտեմբեր 2014
Պուրճ Համուտ, Լիբանան


