Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԵԳԻՊՏԱՑԻ ՀԱՅԱԳԷՏ ՄՈՀԱՄԵՏ ՌԻՖԱԹ ԻՄԱՄ ԿԸ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ՄԵՏԱԼՈՎ

July 20, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Դոկտ. Իմամի պարգեւատրման ընթացքին

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հրամանագիրով եգիպտացի պատմաբան, հայագէտ եւ ցեղասպանագէտ, Աղեքսանդրիոյ համալսարանի դասախօս, դոկտ. Մոհամետ Ռիֆաթ Իմամ պարգեւատրուեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մետալով` հայ մշակոյթը եւ պատմութիւնը արաբական աշխարհին մէջ ներկայացնելու գործին մէջ ունեցած իր նշանակալից աւանդին համար:

Մետալի յանձնման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 17 յուլիսին Եգիպտոսի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան մէջ կազմակերպուած մեծարման երեկոյի մը ընթացքին: Ներկայ գտնուեցան եգիպտացի ականաւոր մտաւորականներ, գիտնականներ, դասախօսներ, դիւանագէտներ, հասարակական գործիչներ, լրագրողներ, Գահիրէի համալսարանի հայագիտական ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի պատասխանատուներ եւ ուսանողներ, բազմաթիւ եգիպտահայեր:

Պարգեւը դոկտ. Մոհամետ Ռիֆաթ Իմամին յանձնեց Եգիպտոսի մէջ Հայաստանի դեսպան Արմէն Մելքոնեան, որ իր ելոյթին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց եգիպտացի գիտնականին` քսան տարի շարունակ Հայկական հարցին եւ եգիպտահայ գաղթօճախի պատմութեան հետազօտման մէջ անոր ունեցած զգալի վաստակին, ինչպէս նաեւ Գահիրէի համալսարանի հայագիտական ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի աշխատանքներուն նկատմամբ ցուցաբերած մնայուն աջակցութեան եւ արաբալեզու «Արեգ» հայագիտական ամսագիրի խմբագրութիւնը ղեկավարելուն համար:

Դոկտ. Մոհամետ Ռիֆաթ Իմամի գործերուն մաս կը կազմեն «Հայ գաղթօճախի պատմութիւնը Եգիպտոսի մէջ» (1999), «Հայկական հարցը Օսմանեան պետութեան մէջ 1878-1923 թուականներուն» (2002), «Հայերը Եգիպտոսի մէջ 1896-1961 թուականներուն» (2003), «Մարդկային ցեղի ոչնչացում. Ցեղասպանութեան ուխտի նախապատրաստական աշխատանքներու վաւերական փաստաթուղթերու ուսումնասիրում. 1946-1948 թուականներուն» (2007), «Վերջին ժխտում. 20-րդ դարու յանցագործութիւն» (2010) եւ արաբերէնով հրատարակուած շարք մը այլ արժէքաւոր գործեր:

 

Նախորդը

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ` ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆՑ ՄԻՋԵՒ

Յաջորդը

ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ՕՐԵՐՈՒՆ ՊԻՏԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԸ` ՌՈՒՍԻՈՅ ՆԱԽԱԳԱՀԻ ՈՒՂԵՐՁԻՆ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.