Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ` ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆՑ ՄԻՋԵՒ

July 20, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Փոխնախարար Արման Կիրակոսեանի հետ հանդիպման ընթացքին

Երէկ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ տեղի ունեցան քաղաքական խորհրդակցութիւններ Հայաստանի եւ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ` վարչութեան պետերու մակարդակով: Հայկական կողմէն խորհրդակցութիւնները կը վարէր Եւրոպայի վարչութեան պետ Արմէն Լիլոյեան, յունական կողմէն` ԱՊՀ երկիրներու բաժանմունքի տնօրէն դեսպան Քարոլոս Կատիս:

Խորհրդակցութիւններուն կը մասնակցէին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան միջազգային կազմակերպութիւններու, մշակոյթի եւ մարդասիրական հարցերու, բազմակողմանի եւ երկկողմանի համագործակցութեան, իրաւաբանական վարչութեան պետերը եւ ներկայացուցիչները:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի համագործակցութեան առնչուող բազմաթիւ հարցեր: Կողմերը դրական գնահատեցին հայ-յունական քաղաքական երկխօսութեան մակարդակը եւ այդ ծիրին մէջ առանձնացուցին յունուարին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի Յունաստան կատարած պետական այցելութեան կարեւորութիւնը` երկկողմանի յարաբերութիւններուն նոր թափ եւ բովանդակութիւն հաղորդելու առումով: Քննարկուեցաւ նախագահին պետական այցելութեան ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն կատարման ընթացքը:

Քննարկուեցան նաեւ առեւտրական-տնտեսական կապերու խթանման նպատակով ձեռնարկուելիք քայլերը, միտքեր փոխանակուեցան զանոնք նոր մարզերով ընդլայնելու կարելիութիւններուն շուրջ: Այդ առնչութեամբ կարեւոր նկատուեցաւ յառաջիկային նախատեսուած տնտեսական համագործակցութեան հայ-յունական միջկառավարական յանձնախումբի հերթական նիստի կայացումը:

Հայկական կողմը ներկայացուց Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան ընթացքը: Համաձայնութիւն ձեռք բերուեցաւ հայ-յունական համագործակցութիւնը Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերութեան ծրագիրի շրջագիծին մէջ խթանելուն ուղղուած հետագայ քայլերուն շուրջ:

Երէկ աւելի ուշ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Արման Կիրակոսեան ընդունեց յունական պատուիրակութիւնը. Կիրակոսեան պատուիրակութեան ներկայացուց Հայաստանի յարաբերութիւնները շրջանի երկիրներուն հետ:

Փոխնախարարը անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթին: Յունական կողմը իր աջակցութիւնը յայտնեց տագնապին լուծման ուղղուած ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու ջանքերուն:

Նախորդը

ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻՈՆ ՔԱՂԱՔԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԸ

Յաջորդը

ԵԳԻՊՏԱՑԻ ՀԱՅԱԳԷՏ ՄՈՀԱՄԵՏ ՌԻՖԱԹ ԻՄԱՄ ԿԸ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ՄԵՏԱԼՈՎ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.