
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ներքին եւ արտաքին իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք վարչապետ Սալամ յայտնեց, որ նախարարաց խորհուրդի նախագահութեան եւ Տար Ֆաթուային միջեւ յարաբերութիւնը ամուր հիմերու վրայ դրուած խոր յարաբերութիւն մըն է, որ կը ծառայէ բոլորին շահերուն:
Ան հաստատեց, որ ինք անձամբ յանձնառու է, որ այդ յարաբերութիւնները մնան ամրապնդուած:
Վարչապետ Սալամ ընդգծեց, որ Լիբանան կը դիմագրաւէ դժուար հանգրուան մը, որուն ընթացքին ան կարիքը ունի իր բոլոր ղեկավարութիւններուն, ներառեալ` քաղաքացիական եւ հոգեւոր ղեկավարութիւնները, որպէսզի միասնական գործակցութեամբ հզօրացնեն երկիրը եւ ազգային միասնականութիւնը:
Իր կարգին, հանրապետութեան միւֆթին շեշտեց Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութիւն կատարելու կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ Լիբանանը կը դիմագրաւէ լուրջ եւ զգայուն հանգրուան մը, որուն ընթացքին անկարելի է մնալ առանց հանրապետութեան նախագահի:
Շէյխ Տըրիան հաստատեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը պէտք է իմանան այս կացութեան լրջութիւնը եւ համագործակցին` Լիբանանը իր դիմագրաւած տագնապէն դուրս բերելու համար:
Հանրապետութեան միւֆթին զօրակցութիւն յայտնեց առեւանգուած բանակայիններու ընտանիքներուն եւ ընդգծեց զանոնք ազատ արձակելու կարեւորութիւնը: Ան նշեց, որ վարչապետ Թամմամ Սալամ բաւական լուրջ աշխատանք կը տանի այդ իմաստով` ջանալով իրականացնել առեւանգուած բանակայիններուն ազատ արձակումը:


