
Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, որ երէկ առաւօտեան ժամը 5:15-ին, Աքքարի Ռիհանիէ շրջանին մէջ անծանօթ երկու զինեալներ կրակոցի թիրախ դարձուցին լիբանանեան բանակի երկու զինուորներ, որոնք կ՛ուղղուէին զինուորական իրենց կեդրոնը:
Զինուորներէն մէկը` Միլետ Մոհամետ Իսան տեղւոյն վրայ սպաննուեցաւ, իսկ միւսը` վիրաւորուեցաւ:
Այս դէպքին դէմ բողոքի իբրեւ արտայայտութիւն Ռիհանիէի եւ Քըպէյաթ-Հալպայի բնակիչները փակեցին ճամբաները:
Միւս կողմէ, Արսալի Ուատի Հմայտ շրջանին մէջ նախանցեալ երեկոյեան բանակը դիմադրեց զինեալ խմբաւորումի մը ներթափանցումին:
Զինեալ խմբաւորումը կը փորձէր ներթափանցել բանակին կեդրոններէն մէկը, երբ բանակը դէմ դրաւ այդ փորձին եւ զինեալ ծանր բախումներ ունեցաւ այդ խմբաւորումին հետ` արգիլելով ահաբեկիչներուն կատարած այդ փորձը:
Նշենք, որ ապահովութեան ուժերը Ժիպէյլի մէջ ձերբակալեցին երեք կասկածելիներ, որոնք ահաբեկչական կազմակերպութիւններու հետ կապի մէջ են:
Ձերբակալեալներուն հետ հարցաքննութիւնները կը շարունակուին ներքին ապահովութեան ուժերուն կեդրոնին մէջ:


