Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թուրքիա Արաբունարի Մէջ Առանձին Որեւէ Գործողութիւն Պիտի Չկատարէ» Ըսաւ Չաւուշօղլու

October 10, 2014
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սթոլթընպըրկ եւ Չաւուշօղլու
Սթոլթընպըրկ եւ Չաւուշօղլու

Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթի կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Հանս Սթոլթընպըրկի հետ Անգարայի մէջ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Թուրքիայէն առանձին ցամաքային գործողութիւն ակնկալելը իրատեսական չէ:

Չաւուշօղլու նշած է, որ այնքան ատեն որ Սուրիոյ մէջ տակաւին կ՛իշխէ Պաշշար Ասատի վարչակարգը, արցունքներն ու կոտորածները պիտի շարունակուին:

«200 հազար մարդ սպաննուած է: Ասատի վարչակարգն է Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակին պատճառը: Ծայրայեղական խմբակները այդ միջավայրին մէջ ստեղծուած են: Հետեւաբար` քաղաքական փոփոխութիւնները պարտադիր են: Այնքան ատեն որ Ասատ իշխանութեան գլխուն է, այսօրուան իրավիճակը պիտի շարունակուի», ըսած է Չաւուշօղլու:

Ան նշած է, որ Թուրքիայէն պէտք չէ ակնկալել միայնակ, առանց օժանդակութեան ցամաքային գործողութիւններու իրականացում: «Թուրքիա Արաբունարի (Այն Արապ) մէջ առանձին որեւէ գործողութիւն պիտի չկատարէ», ըսած է Չաւուշօղլու:

«Միացեալ որոշման կայացումէն ետք, Թուրքիան պիտի ընէ իրեն վերապահուածը: Արաբունարը եւ շրջակայքի մարդիկ լաւ գիտեն, թէ ո՛վ է իրենց կողքին: Առիթէն օգտուողները կը փորձեն կռիւներ հրահրել: Սակայն մեր պետութիւնը ատիկա պիտի չարտօնէ», ըսած է թրքական դիւանագիտութեան պետը:

Էրտողան. «Թուրքիոյ Մէջ Բողոքի Ցոյցերը
Կապ Չունին Արաբունարի Դէպքերուն Հետ»

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կ՛ըսէ, որ Թուրքիոյ մէջ զանգուածային անկարգութիւնները կապ չունին սուրիական Արաբունար (Այն Արապ-Քոպանի) քաղաքի իրադարձութիւններուն հետ:

Ըստ Էրտողանի, այդ ցոյցերու կազմակերպիչներուն նպատակը Թուրքիոյ մէջ կացութիւնը ապակայունացնելն է եւ խափանել քրտական խնդիրի խաղաղ լուծման հոլովոյթը:

«Իբրեւ պատճառ օգտագործելով Արաբունարի ահաբեկչութիւնը` անոնք ունին բոլորովին այլ նպատակներ եւ մտադրութիւններ: Թուրքիան, որ բազմաթիւ անգամներ բախած է այսպիսի սադրանքներու` մեր քաղաքականութեան վրայ ճնշում գործադրելու նպատակով, յաջողութեամբ պիտի յաղթահարէ զանոնք», ըսած է Էրտողան:

Թուրքիոյ շարք մը քաղաքներուն մէջ տեղի կ՛ունենան քիւրտ բնակչութեան բողոքի ցոյցեր, որոնց պատճառով արդէն 22 ցուցարար մահացած է եւ շուրջ 200 ուրիշներ` վիրաւորուած:

Երէկ գիշեր հաղորդուեցաւ, որ Տիգրանակերտի մէջ քիւրտ ցուցարարներու եւ իսլամական կուսակցութիւններու անդամ զինեալներու միջեւ բախումները վերսկսած են:

Մերքել Թուրքիան Մեղադրած Է
ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Ոչինչ Ընելու Համար

Անկելա Մերքել
Անկելա Մերքել

«Սի.Էն.Էն.Թիւրք»` յղում կատարելով գերմանական մամուլին, կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել Գերմանիոյ խորհրդարանի արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի նիստին ընթացքին քննադատած է Թուրքիան` ՏԱՀԵՇ-ի դէմ ոչինչ ընելուն համար:

Մերքել ըսած է, որ ՕԹԱՆ-ի անդամ երկրէն կ՛ակնկալէին առաջնահերթութիւններու որոշում եւ համապատասխան քայլերու ձեռնարկում:

«ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարը Անգարայի համար առաջնահերթ հարց պէտք է ըլլար», ըսած է Մերքել` քննադատելով Թուրքիան:

Անդրադառնալով մէկ օր առաջ Համպուրկի մէջ քիւրտերու եւ սալաֆականներու միջեւ տեղի ունեցած ծեծկռտուքներուն` Մերքել ըսած է. «Անգարայի այդ կեցուածքը մեր վրայ ալ կ՛ազդէ: Դէպքերը մեզի ալ վնաս կը հասցնեն»:

Վարչապետը նշած է, որ կացութիւնը բաւական բարդ է եւ գոյութիւն ունի ծայրայեղականացման վտանգ:

Գերմանական «Տեր Շփիկըլ» օրաթերթին համաձայն, Գերմանիոյ հետախուզութեան տուեալներով Արաբունարի հարցով ցոյցերը կրնան տարածուիլ Թուրքիոյ մէջ:

Օրաթերթին տուեալներով, եթէ Թուրքիա քայլերու չձեռնարկէ ընդդէմ իսլամական ծայրայեղականներուն, Գերմանիոյ մէջ սալաֆականներէն բացի յառաջիկայ օրերուն թուրքերը եւս կրնան քիւրտերու թիրախը դառնալ:

Միւնիխի Մէջ 20 Քիւրտեր Եւ Անոնց Համակիրները
Գրաւեցին Քրիստոնեայ Ընկերային Միութիւն
Կուսակցութեան Կեդրոնը

Միւնիխ
Միւնիխ

Գերմանական «Տի.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ շուրջ քսան քիւրտ երիտասարդներ եւ անոնց գերմանացի համակիրները ներխուժած են Միւնիխի մէջ Քրիստոնեայ ընկերային միութեան կեդրոն` միջազգային ընտանիքէն պահանջելով ՏԱՀԵՇ-ի դէմ աւելի խիստ միջոցառումներ որդեգրել եւ Թուրքիոյ վրայ ճնշում բանեցնել:

Երիտասարդներու բանբեր Քիրմ Շամփիրկըր յայտնեց, որ իրենք խորհրդանշական կերպով ու առանց բռնութեան գրաւած են իշխող Քրիստոնեայ ընկերային միութիւն կուսակցութեան կեդրոնատեղին:

Անոնք նաեւ պահանջած են Գերմանիոյ մէջ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան գործունէութեան արգելքը ջնջել, ինչպէս նաեւ Քրիստոնեայ ընկերային միութիւն կուսակցութենէն ականաւոր քաղաքագէտի մը հետ խօսիլ:

 

Նախորդը

Գրականութեան Նոպելեան Մրցանակին Արժանացած Է Ֆրանսացի Գրող Փաթրիք Մոտիանօ

Յաջորդը

Փենթակոն. «Օդային Հարուածները Բաւարար Չեն Արաբունարը Փրկելու Համար». «Արաբունարի Փրկութիւնը Ուաշինկթընի Համար Ռազմավարական Նպատակ Մը Չէ» Կ՛ըսէ Քերրի

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
Թրամփ-Շի Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ-Շի Հանդիպում

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.