Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գրականութեան Նոպելեան Մրցանակին Արժանացած Է Ֆրանսացի Գրող Փաթրիք Մոտիանօ

October 10, 2014
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Փաթրիք Մոտիանօ
Փաթրիք Մոտիանօ

Նոպելեան մրցանակի «Թուիթըր» ընկերային ցանցին պաշտօնական էջը կը հաղորդէ, որ այս տարի գրականութեան Նոպելեան մրցանակին արժանացած է ֆրանսացի գրող Փաթրիք Մոտիանօ:

Մոտիանօ մրցանակին արժանացած է «յիշողութեան արուեստին համար, որուն միջոցով ան նկարագրած է մարդկային ամէնէն աներեւակայելի ճակատագիրները եւ բացայայտած կեանքը շրջափակման մէջ», կը նշուի Նոպելեան յանձնաժողովի նամակին մէջ:

Հեղինակի գիրքերուն մեծամասնութիւնը հիմնուած է անոր կեանքին եւ Համաշխարհային Բ. պատերազմի տարիներուն Ֆրանսայի շրջափակման ժամանակաշրջանի իրադարձութիւններուն վրայ:

Մէկ օր առաջ Քիմիագիտութեան մարզին մէջ Նոպելեան մրցանակի դափնեկիր դարձած էին Էրիք Պեթսիկ, Սթեֆըն Հել եւ Ուիլիըմ Մեռներ: Անոնք մրցանակի արժանացած են գերֆլուորեսցենթիք մանրադիտակի մշակման համար:

Այդ մեթոտով կարելի է ուսումնասիրել կենսաբանական բջիջներու կառուցուածքը, ինչ որ կարեւոր է նոր դեղերու ստեղծման համար:

7 հոկտեմբերին բնագիտութեան մարզին մէջ Նոպելեան մրցանակի արժանացած են Իսամու Աքասաքի, Հիրոսի Ամանօ եւ Սիուձի Նաքամուրա: Երեք գիտնականները ստեղծած են աժան կապոյտ լուսատիոտային լամբեր, որոնք ծանօթ են կապոյտ ԼԵՏ անունով:

Բնախօսութեան եւ բժշկութեան մարզին մէջ մրցանակի արժանացած են Մայպրիթ եւ Էտուըրտ Մոզըրնըր ամոլը, ինչպէս նաեւ Ճոն Օ՛Քիֆի:

Պարգեւատրման արարողութիւնը, ըստ աւանդութեան, տեղի պիտի ունենայ 10 դեկտեմբերին` Նոպելեան մրցանակի հիմնադիր շուէտացի գիտնական Ալֆրետ Նոպելի մահուան օրը:

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի Շրջանային Վարչութիւնը

Յաջորդը

«Թուրքիա Արաբունարի Մէջ Առանձին Որեւէ Գործողութիւն Պիտի Չկատարէ» Ըսաւ Չաւուշօղլու

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
Թրամփ-Շի Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ-Շի Հանդիպում

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.