Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ շաբաթ, 11 հոկտեմբերին Հայաստան – Սերպիա (Եուրօ-2016-ի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարք) մրցումին իրաւարարը պիտի ըլլայ նորվեկիացի Թոմ Հարալտ Հակեն:
Նշենք, որ անոր օգնական իրաւարարները եւս պիտի ըլլան Նորվեկիայէն:
Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ, պիտի սկսի ժամը 19:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:


