«Սքայ Սփորց» կը հաղորդէ, որ Անգլիա «Եու. Է. Էֆ. Ա.»ի փոխնախագահ Տէյվիտ Կիլի թեկնածութիւնը առաջադրեց ՖԻՖԱ-ի փոխնախագահի պաշտօնին համար:
ՖԻՖԱ-ի նոր ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան յառաջիկայ տարի` մայիս 2015-ին:
Ուշագրաւ եղաւ Կիլի թեկնածութեան առաջադրուիլը` նկատի ունենալով, որ ան վերջերս դէմ արտայայտուած էր ՖԻՖԱ-ի այժմու նախագահ Սեփ Պլեթըրի` պաշտօնավարութեան նոր ժամանակաշրջանի մը առաջադրման գծով` ըսելով, որ ՖԻՖԱ-ն փոփոխութիւններու կարիք ունի:


