Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մուիժնիքս. «Հայաստանի Մէջ Դատական Բարեփոխումներու Հարցին Մէջ Յառաջընթաց Կայ»

October 8, 2014
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Մուիժնիքս եւ նախագահ Սարգսեան
Մուիժնիքս եւ նախագահ Սարգսեան

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Եւրոպական խորհուրդի մարդկային իրաւունքներու յանձնակատար Նիլս Մուիժնիքսի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Նախագահը ողջունեց հիւրերը եւ ընդգծեց, որ Հայաստան մեծապէս  կարեւոր կը նկատէ Եւրոպայի մէջ մարդկային իրաւունքներու հիմնական երաշխաւոր հանդիսացող կառոյցի` Եւրոպական խորհուրդի հետ համագործակցութիւնը եւ վերջինիս աջակցութիւնը Հայաստանի մէջ իրականացուող շարունակական բարեփոխումներուն: Ըստ հանրապետութեան նախագահին, այդ բոլորին մէջ անշուշտ մեծ դեր վերապահուած է Եւրոպական խորհուրդի մարդկային իրաւունքներու յանձնակատարի հիմնարկին, որուն հետ Հայաստան աւանդաբար կառուցողական եւ փոխշահաւէտ մթնոլորտի մէջ արդիւնաւէտ համագործակցութիւն ունեցած է: Նախագահ Սերժ Սարգսեան գոհունակութեամբ արձանագրեց, որ Մուիժնիքսի պաշտօնավարման ընթացքին ալ այդ գործակցութիւնը կը շարունակուի եւ վստահութիւն յայտնեց, որ Եւրոպական խորհուրդի մարդկային իրաւունքներու յանձնակատարին այցելութիւնը Հայաստան նոր խթան կը հանդիսանայ երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ:

Նիլս Մուիժնիքս նշեց, որ տարբեր երկիրներ իր այցելութիւններուն ընթացքին աշխատանքային յագեցած օրակարգէն տուեալ երկրին համար կ՛առանձնացնէ առաւել կարեւոր որոշ խնդիրներ, որոնց վրայ կը կեդրոնանայ հանդիպումներուն ընթացքին: Հայաստան այցելելու ատեն, ըստ անոր, որոշած են կեդրոնանալ դատական համակարգի բարեփոխումներուն, կիներու եւ տղամարդոց հաւասարութեան եւ ընտանեկան բռնութիւններու խնդիրներուն վրայ: Եւրոպական խորհուրդի մարդկային իրաւունքներու յանձնակատարը ընդգծեց, որ ուրախ է տեղեկանալով, որ այդ մարզին մէջ յառաջընթաց արձանագրուած է:

Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները անդրադարձան Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրական բարեփոխումներու հոլովոյթին, Եւրոպական խորհուրդին անդամակցելէ ետք Հայաստանի ստանձնած պարտաւորութիւններու կատարման ընթացքին, ներառեալ` կարգ մը ուղղութիւններով բարեփոխումներուն: Հանրապետութեան նախագահը նշեց, որ ժողովրդավարութեան, մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ իրաւական պետութեան սկզբունքներու խորացման ուղղութեամբ վերջին տարիներուն Հայաստանի մէջ իրականացուած բարեփոխումները եղած են հետեւողական եւ որ ամէնէն կարեւորն է` անոնք կը կրեն շարունակական բնոյթ: Եւրոպական խորհուրդին աջակցութեամբ Հայաստան լուրջ յառաջընթաց ունեցած է անդամակցութեամբ Հայաստանի ստանձնած պարտաւորութիւններու կատարման հոլովոյթին մէջ, որոնց արդիւնքները տեսանելի են եւ անշրջելի:

Շնորհաւորութիւն` Փութինի Ծննդեան Օրուան Առիթով

Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ շնորհաւորական ուղերձ յղեց Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին` վերջինիս ծննդեան օրուան առիթով:

«Հայաստանի մէջ բարձր կը գնահատեն ձեր անձնական ներդրումը դաշնակցային փոխադարձ գործակցութեան ամուր հիմքին վրայ զարգացող մեր երկիրներու ժողովուրդներու բարեկամութեան բազմադարեան աւանդութիւններու բազմապատկման գործին մէջ: Այդ ծիրին մէջ կարեւոր նշանակութիւն կու տամ ձեւաւորուած անձնական յարաբերութիւններուն, որոնք անկասկած լրացուցիչ խթան կը հանդիսանան հայ-ռուսական ռազմավարական գործընկերութեան հետեւողական զարգացման համար: Գոհունակութեամբ կրնանք հաստատել, որ հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն օրակարգը կը հարստանայ միացեալ կարեւոր նախաձեռնութիւններով, որոնք կը ներառեն փոխշահաւէտ համագործակցութեան նորանոր մարզեր: Ձեր հետեւողական ջանքերը Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի խաղաղ լուծման հարցին մէջ եւ աշխուժ աջակցութիւնը Հայաստանի` Եւրասիական տնտեսական միութիւն մտնելու գործին մէջ, նոյնպէս արժանի են ամէնէն խոր երախտագիտութեան», ըսուած է շնորհաւորական ուղերձին մէջ:

 

Նախորդը

Գալուստ Սահակեան Վրաստանի Մէջ Արծարծեց Հայկական Եկեղեցիներու Պահպանութեան Հարցը

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսէն Կը Պահանջեն Քուէարկութեան Դնել Թուրքիոյ Մէջ Եկեղեցիներու Վերադարձի Օրինագիծը

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.