
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Արսլան շեշտեց, որ խորհրդարանը ազգային միասնականութեան, ինչպէս նաեւ սահմանադրական կեանքին երաշխիքն է:
Արսլան յայտնեց, որ խորհրդարանի այս դերակատարութիւնը պահպանելու համար Պըրրի ճիգ չէ խնայած, սակայն ամէնէն աւելի ջանքեր ի գործ դրած է 2005-2014 տարիներուն ընթացքին, որպէսզի կարենայ խորհրդարանը հեռու պահել տեղական, շրջանային եւ միջազգային քաղաքական ազդեցութիւններէն:
«Հետեւաբար այս առիթով կարելի է միայն շնորհաւորել Պըրրին», ըսաւ ան:
Խորհրդարանի նախագահին այցելեց նաեւ նախկին նախարար Հասսան Տիապ:


