Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումը Կոչ Կ՛ուղղէ Լաւ Ըմբռնելու Թիւ 1474 Բանաձեւը

October 8, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Համախմբումի նիստէն պահ մը
Համախմբումի նիստէն պահ մը

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի:

Նիստէն ետք նախկին նախարար Սելիմ Ժրայսաթի յայտնեց, որ Շեպաայի կացութիւնը ամէնէն վտանգաւորն է, հակառակ անոր որ զինուորապէս այդ առանցքը զօրացած է: Ան նշեց, որ նման հարցեր թեթեւի առնելը ճիշդ ձեւ չէ` աւելցնելով, որ Պրիթելի եւ Եունինի բարձունքներուն վերեւ գործուած յարձակումները կրնան նախաքայլը ըլլալ եւ կամ բազկերակ շօշափելու փորձ մը` հաւատադրժողական ահաբեկիչներուն կողմէ պատրաստուող հաւանական յարձակումի մը, որուն նպատակը ձմեռնային ապաստան մը ապահովել է:

Անդրադառնալով Լիբանանի տրամադրուելիք իրանեան օժանդակութեան` Ժրայսաթի յայտնեց, որ անիկա առանց նախապայմանի օրինական օժանդակութիւն է եւ կարիքը ունի կառավարութեան որոշումին:

Սելիմ Ժրայսաթի
Սելիմ Ժրայսաթի

«Այդ մէկը լիբանանեան բանակին տրամադրուած օժանդակութիւն է եւ այդ պատճառով ալ նամակները արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլէն փոխանցուած են խնդրոյ առարկայ նախարարին, որովհետեւ անիկա կարիքը ունի նախարարաց խորհուրդի հաւանութեան», ըսաւ Ժրայսաթի` հաստատելով, որ պէտք է լաւ ըմբռնել ՄԱԿ-ի թիւ 1474 բանաձեւը, որ միայն տնտեսական փոխանակումներուն պարագային կը գործադրուի:

Միւս կողմէ, համախմբումը նշեց, որ ինք կը բաժնէ առեւանգուած բանակայիններու ընտանիքներուն ցաւերը, սակայն թշնամին անոնց զաւակները առեւանգող կողմն է եւ ոճրագործն ու բացթողում արձանագրողը նոյն նժարին վրայ դնելու քայլը ճիշդ չէ:

Ժրայսաթի յայտնեց, որ առեւանգուած բանակայիններուն ազատ արձակումին համար բանակցութիւնները պէտք է կատարուին պետութիւններու եւ ոչ թէ կազմակերպութիւններու հետ:

 

Նախորդը

Վարչապետ Սալամ Հետեւեցաւ Առեւանգուած Բանակայինները Ազատ Արձակելու Ջանքերուն

Յաջորդը

Այն Թինէի Մէջ. «Խորհրդարանը Ազգային Միասնականութեան Երաշխիքն Է» Շեշտեց Արսլան

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.